Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/05 էջ 5
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 3/05 էջ 5

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Մարտին. Արթո՛ւն Կեցէք։ Երբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, Գիտութիւն գիրքը ներկայացուցէք, ջանալով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու վերայցելէք, պարփակելով անոնք որ Յիշատակատօնին կամ աստուածպետական այլ առիթներու ներկայ գտնուած են, բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր, ջանացէք տեղաւորել Աստուած Պաշտեցէք գիրքը։ Ամէն ջանք թափեցէք Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւն մը սկսելու, յատկապէս եթէ ոմանք արդէն ուսումնասիրած են Գիտութիւն գիրքը եւ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը։ Յունիսին. Մեծ Ուսուցիչէն Սորվիր։ Եթէ անհատը ըսէ թէ զաւակներ չունի, ներկայացուցէք Ընտանիք գիրքը կամ Գիտութիւն գիրքը, ջանալով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։

◼ Ժողովքները երբ ստանան Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը, զանոնք անմիջապէս մատչելի պէտք է դարձնեն։ Ասիկա հրատարակիչներուն թոյլ պիտի տայ որ անոնց բովանդակութեան ընտելանան, դաշտի ծառայութեան մէջ զանոնք ներկայացնելէ առաջ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկն ալ հրատարակիչներուն անմիջապէս մատչելի պէտք է դառնայ։ Կարելի է զայն բաժնել Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան խումբերուն մէջ։

◼ Երբ ձեր ճամբորդելու ծրագիրները կը պարփակեն ուրիշ երկրի մը մէջ ժողովքային հանդիպումներու, շրջանային կամ նահանգային համաժողովներու ներկայ գտնուիլ, թուականներու, ժամերու եւ հասցէներու վերաբերեալ տեղեկութիւններ ստանալու ձեր խնդրանքը պէտք է ներկայացնէք այդ երկրին մէջ գործին վրայ հսկող մասնաճիւղին։ Մասնաճիւղերուն հասցէները կը գտնուին ընթացիկ Տարեգիրք–ին վերջին էջին վրայ։

◼ Ժողովքի քարտուղարը հետեւեալ պատճեններէն բաւարար քանակ պէտք է ունենայ. Կանոնաւոր Ռահվիրայական Ծառայութեան Դիմումնագիր (S-205) եւ Օժանդակ Ռահվիրայական Ծառայութեան Դիմումնագիր (S-205b)։ Ասոնք կրնան ապսպրուիլ Գրականութիւններու Ապսպրանքի Պատճեն–ով (S-14)։ Առնուազն մէկ տարուան պահեստ ունեցէք։

◼ Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի Մարտ 24, 2005–ին։ Եթէ ձեր ժողովքը սովորաբար Հինգշաբթի օր ժողով կ’ունենայ, կրնաք զայն շաբթուան ուրիշ մէկ օրուան փոխադրել, եթէ Թագաւորութեան Սրահը մատչելի է։ Եթէ ասիկա կարելի չէ ու ձեր Ծառայութեան Ժողովը պիտի ազդուի, ժողովքին կիրարկելի բաժինները կարելի է ուրիշ Ծառայութեան Ժողովի մը ընթացքին ներկայացնել։

◼ Ներկայիս բազմաթիւ Եհովայի Վկաներ կ’ունկնդրեն ժողովրդական ոճով երգուած Թագաւորութեան երգերու որոշ ձայնագրութիւններ։ Կարգ մը հրատարակիչներ հարց տուած են թէ այս ձայնագրութիւնները Ընկերութեան հաւանութիւնը կը վայելե՞ն։ Կ’ուզենք ձեզ տեղեակ պահել թէ անոնք մեր հաւանութիւնը չեն ստացած։ Կը խնդրենք որ այս ձայնագրութիւնները Համացանցէն ձեռք չձգէք, ո՛չ ալ զանոնք տարածէք։ Այսպէս մեր կեցուածքը ձեզի յստակ կը դարձնենք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել