Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/05 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 9/05 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Սեպտեմբերին. Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։ Յաւելեալ քանակ ապսպրելէ առաջ, ժողովքը պէտք է գործածէ ինչ որ շրջանին մէջ մատչելի է, հարցնելով մօտակայ ժողովքներուն թէ յաւելեալ քանակ ունի՞ն կամ ոչ։ Հոկտեմբերին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, Ի՛նչ կը պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք, ջանալով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Նոյեմբերին. Մեծ Ուսուցիչէն սորվիր։ Եթէ անհատը ըսէ թէ զաւակ չունի, ներկայացուցէք Գիտութիւն գիրքը կամ Կը փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին մասին աւելին գիտնալ թերթիկը։ Դեկտեմբերին. Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը։ Որպէս փոխընտրութիւն կրնաք գործածել՝ Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ, Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց կամ Դուք կրնաք յաւիտեան ապրիլ երկրային դրախտի մը մէջ։

◼ Մասնաճիւղը հրատարակիչներու կողմէ անհատական գետնի վրայ եղած հրատարակութիւններու ապսպրանքներ չ’ընդունիր։ Վերակացու տեսուչը պէտք է կարգադրէ որ ամէն ամիս ծանուցում մը ըլլայ, ժողովքի հրատարակութիւններու ամսական խնդրագիրը մասնաճիւղ ուղարկելէ առաջ, որպէսզի բոլոր անոնք որ կ’ուզեն հրատարակութիւններ ստանալ, իրենց ապսպրանքը ներկայացնեն հրատարակութիւններու պատասխանատու եղբօր։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ ո՛ր հրատարակութիւնները մասնայատուկ ապսպրանքներ են։

◼ Երէցներուն կը յիշեցնենք որ գործադրեն Դիտարան 1 Յուլիս 1991 թիւին մէջ տրուած թելադրութիւնները, էջ 21-23, ոեւէ վտարուած կամ իր ընկերակցութիւնը խզած անհատի առնչութեամբ, որ վերահաստատուելու հակում ունի։

◼ 2006–ի Յիշատակատօնի շրջանին հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի Կիրակի՝ Ապրիլ 30–ին։ Դասախօսութեան բնաբանը հետագային պիտի ծանուցանուի։ Այդ շաբաթավերջին շրջանային տեսուչի այցելութիւնը կամ համաժողով ունեցող ժողովքները, մասնաւոր դասախօսութիւնը յաջորդ շաբաթ պիտի ունենան։ Որեւէ ժողովք մասնաւոր դասախօսութիւնը Կիրակի՝ Ապրիլ 30–էն առաջ պէտք չէ ունենայ։

◼ Հոկտեմբեր ամիսը հինգ շաբաթավերջեր ունենալով, օժանդակ ռահվիրայութեան համար ընտիր ամիս մըն է։

◼ Ժողովքները իրենց յաջորդ ամսուան հրատարակութիւններու ապսպրանքին հետ պէտք է սկսին ապսպրել 2005–ի Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի կազմուած հատորները, ինչպէս նաեւ՝ Դիտարանի գրադարան՝ 2005–ի հրատարակութիւն CD-ROM–ի վրայ։ Ամէն ամիս յղուած «Ծանուցում՝ բոլոր ժողովքներուն» նամակին մէջ պիտի նշուի թէ այս հրատարակութիւնները ո՛ր լեզուներով մատչելի են։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ Դիտարանի գրադարան՝ 2005–ի հրատարակութիւն–ը ժողովքի մկրտուա՛ծ անդամներուն համար է եւ ձեռք կը ձգուի միայն ժողովքին միջոցով։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել