Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Մարտին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ հաստատել։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու կը վերայցելէք, մէջը ըլլալով անոնք որ Յիշատակատօնին կամ աստուածպետական այլ առիթներու ներկայ գտնուած են, բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր, ջանացէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքով Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Յունիսին. Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛։ Եթէ անհատը ըսէ թէ զաւակ չունի, ներկայացուցէք Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը գիրքը։
◼ Ապրիլ ամիսը հինգ լման շաբաթավերջեր ունենալով, կրնայ օժանդակ ռահվիրայութեան ընտիր ամիս մը ըլլալ։
◼ Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի՝ 12 Ապրիլ 2006–ին։ Եթէ ձեր ժողովքը սովորաբար Չորեքշաբթի օր ժողով կ’ունենայ, զայն ուրիշ օր մը ըրէք, եթէ Թագաւորութեան Սրահը մատչելի է։ Եթէ ասիկա կարելի չէ եւ ձեր Ծառայութեան Ժողովը պիտի ազդուի, կրնաք ժողովքին կիրարկուող բաժինները ուրիշ Ծառայութեան Ժողովի մը մէջ ներկայացնել։
◼ Երբ ժողովքը Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի վերջին թիւերը կը ստանայ, զանոնք անմիջապէս մատչելի պէտք է դարձնէ, որպէսզի հրատարակիչները բովանդակութեան ընտելանան, դաշտի ծառայութեան մէջ զանոնք ներկայացնելէ առաջ։ Նոյն է պարագան Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին։ Զայն կարելի է բաշխել՝ Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան կարգադրութեան միջոցով։
◼ Նոյ՝ Աստուծոյ հետ քալեց տեսաերիզը Մայիսին նկատի պիտի առնուի Ծառայութեան Ժողովի մը մէջ։ Կրնաք զայն ապսպրել ժողովքին միջոցով՝ կարելի եղածին չափ շուտ։
◼ Մասնաճիւղը հրատարակիչի մը կողմէ եղած հրատարակութիւններու ապսպրանք չ’ընդունիր։ Վերակացու տեսուչը պէտք է կարգադրէ որ ամէն ամիս ծանուցում մը ըլլայ, ժողովքի՝ հրատարակութիւններու ամսական ապսպրանքը մասնաճիւղ ուղարկելէ առաջ, որպէսզի բոլոր անոնք որ կ’ուզեն հրատարակութիւններ ստանալ, իրենց ապսպրանքը ներկայացնեն հրատարակութիւններուն հոգ տանող եղբօր։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ ո՛ր հրատարակութիւնները մասնայատուկ ապսպրանքներ են։