Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Եթէ տանտէրը այս գիրքը ունի, ներկայացուցէք նպատակայարմար գրքոյկ մը որ ժողովքը ունի։ Սեպտեմբերին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Ամէն անգամ որ գիրքը կը տեղաւորէք, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակով վերայցելեցէք։ Հոկտեմբերին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ անհատը հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ, Արթո՛ւն կեցէք գրքոյկը ներկայացուցէք ու ջանացէք Աստուածաշունչի հանդէպ անոր հետաքրքրութիւնը աւելցնել։
◼ Սեպտեմբերէն սկսեալ, շրջանային տեսուչները պիտի ներկայացնեն հետեւեալ բնաբանով հանրային դասախօսութիւնը՝ «Աստուծոյ քով ինչպիսի՞ համբաւ ունիս»։
◼ 2007–ի Յունուար 8–ով սկսող շաբաթը, Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան մէջ պիտի սերտենք՝ Յայտնութիւն—անոր հոյակապ յանգումը մօտ է գիրքը։ Անգլերէն լեզուով գիրքին մեծատառ տպագրութիւնը մօտ օրէն մատչելի պիտի ըլլայ։ Ժողովքը վստահ պէտք է ըլլայ թէ գիրքէն բաւարար քանակ ունի։
◼ Յանձնարարելի է որ կանոնաւոր ռահվիրայութեան դիմումնագիրները մասնաճիւղ ուղարկուին, ռահվիրայութիւնը սկսելու թուականէն առնուազն 30 օր առաջ։ Ժողովքի քարտուղարը վստահ պէտք է ըլլայ որ պատճենները ամբողջովին լեցուած են։ Եթէ դիմումնագիր ներկայացնողը իր մկրտութեան ճշգրիտ թուականը չի յիշեր, թող մօտաւոր թուական մը որոշէ եւ զայն միշտ գործածէ։ Քարտուղարը այս մօտաւոր թուականը պէտք է արձանագրէ Ժողովքին հրատարակիչի արձանագրութիւնը (S-21) քարտին վրայ։
◼ Ժողովքի քարտուղարը վստահ պէտք է ըլլայ թէ իւրաքանչիւր կանոնաւոր ռահվիրայի համար ունի՝ Ռահվիրայ նշանակելու նամակ (S-202)։ Եթէ նամակ մը չգտնուի, թող ան գրէ մասնաճիւղին։
◼ Բոլոր մատչելի հրատարակութիւններուն եւ պարբերաթերթերուն տարեկան ցուցակագրութիւնը պէտք է կատարուի 31 Օգոստոս 2006–ին, կամ՝ անկէ քիչ առաջ կամ ետք։ Այս ցուցակագրութիւնը նման է՝ ամէն ամիս հրատարակութիւնները համակարգողին կողմէ կատարուած բուն հաշիւին, իսկ ընդհանուր գումարները պէտք է արձանագրուին Հրատարակութիւններու ցուցակագրութիւն (S-18) պատճենին վրայ։ Մատչելի պարբերաթերթերուն ընդհանուր գումարը կարելի է առնել պարբերաթերթերու ծառայէն (կամ ծառաներէն)։ Համակարգող ժողովքին քարտուղարը պէտք է վերահսկէ ցուցակագրութեան վրայ։ Համակարգող ժողովքին քարտուղարն ու վերակացու տեսուչը պիտի ստորագրեն պատճենը։ Իւրաքանչիւր համակարգող ժողովք Հրատարակութիւններու ցուցակագրութիւն պատճենէն երեք օրինակ պիտի ստանայ։ Հաճեցէք բուն օրինակը մասնաճիւղին ուղարկել Սեպտեմբեր 6–ին կամ անկէ առաջ։ Օրինակ մը պահեցէք ձեր թղթածրարներուն համար։ Երրորդ օրինակը որպէս սեւագիր կարելի է գործածել։