Առաջին սէրդ մի՛ կորսնցներ
1 Փառաւորեալ Յիսուս առաջին դարու Եփեսոսի ժողովքը խրատեց. «Քեզի դէմ բան մը ունիմ։ Քու առաջուան սէրդ ձգեցիր»։ (Յայտ. 2։4) Ակներեւօրէն, շատեր Եհովայի հանդէպ իրենց առաջին սէրը կորսնցուցած էին։ Երբ ճշմարտութիւնը կը սորվէինք, Աստուծոյ ու ընկերի հանդէպ զօրաւոր սէր մշակեցինք, եւ ասիկա մեզ մղեց մեր նորագիւտ յոյսը նախանձախնդրաբար յայտարարելու։ Ի՞նչ բան մեր առաջին սէրը կորսնցնելու եւ ծառայութեան մէջ դանդաղելու արգելք պիտի հանդիսանայ։
2 Անձնական ուսումնասիրութիւն եւ ժողովներուն ներկայ գտնուիլ. Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ Աստուծոյ ու ընկերի հանդէպ սէր մշակենք, երբ ճշմարտութիւնը նոր սորվեցանք։ Վստահաբար ամէ՛ն ինչ որ սորվեցանք Եհովայի մասին, Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելով։ (Ա. Յովհ. 4։16, 19) Հետեւաբար, որպէսզի մեր սէրը «հետզհետէ աւելի շատնայ», պէտք է շարունակենք ճշգրիտ գիտութիւն ստանալ ու «Աստուծոյ խորունկ բաներ»ը հետազօտել։—Փիլ. 1։9-11. Ա. Կորն. 2։10
3 Մտահոգութիւններով ու զբաղումներով լեցուն այս վերջին օրերուն մէջ, անձնական ուսումնասիրութեան լաւ սովորամոլութիւն մը պահպանելը կրնայ իսկական մարտահրաւէր մը ըլլալ։ (Բ. Տիմ. 3։1) Մեր յայտագրին մէջ ժամանակ պէտք է յատկացնենք՝ հոգեւորապէս կերակրուելու համար։ Ժողովքային հանդիպումներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլն ալ կենսական է, մանաւանդ երբ ‘այն օրուան մօտենալը կը տեսնենք’։—Եբր. 10։24, 25
4 Ծառայութիւնը. Ծառայութեան նախանձախնդրաբար մասնակցիլը մեզի կ’օգնէ որ Աստուծոյ հանդէպ մեր առաջին սէրը պահենք։ Մինչ բարի լուրը կը քարոզենք, մենք մեզի կը յիշեցնենք Եհովայի սիրալիր խոստումները, եւ ասիկա մեզի կ’օգնէ որ մեր յոյսը պայծառ ու սէրը վառ պահենք։ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորվեցնելը կը պահանջէ որ պրպտում ընենք, որպէսզի զանոնք յստակօրէն հասկնանք, իսկ ասիկա մեր հաւատքը կը զօրացնէ։—Ա. Տիմ. 4։15, 16
5 Եհովա ամէն բանի արժանի է, ի ներառեալ՝ մեր սէրը։ (Յայտ. 4։10) Թոյլ մի՛ տար որ սէրդ պաղի։ Առաջին սէրդ զօրաւոր պահէ, Աստուածաշունչի անձնական լուրջ ուսումնասիրութիւն ընելով, ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելով եւ սրտիդ շատ սիրելի եղող բաները նախանձախնդրաբար ուրիշներուն ծանուցանելով։—Հռովմ. 10։10