Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու կը վերայցելէք, մէջը ըլլալով անոնք որ Յիշատակատօնին կամ աստուածպետական այլ առիթներու ներկայ գտնուած են, բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր, ջանացէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Յունիսին. Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞ կամ Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը։ Յուլիսին. Արթո՛ւն կեցէք։ Երբ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ներկայացուցէք, ջանալով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։
◼ Ապրիլէն սկսեալ, 2007–ի նահանգային համաժողովի լանջանշանները ինքնաբերաբար պիտի ղրկուին հրատարակութիւններու առաքումին հետ։ Զանոնք ապսպրելու հարկ չկայ։ Եթէ ժողովքը յաւելեալ լանջանշաններու պէտք ունենայ, զանոնք կրնաք ապսպրել Ժողովքի Ցանցակայքին միջոցաւ կամ Հրատարակութիւններու ապսպրանքի պատճեն–ով (S-14)։ Ժողովքէն անոնք որ կը փափաքին լանջանշանի ձեւընկալ պատեաններ ունենալ, պէտք է ապսպրեն զանոնք։
◼ Ժողովքի քարտուղարը հետեւեալ պատճեններէն բաւարար քանակ պէտք է ունենայ. Կանոնաւոր ռահվիրայական ծառայութեան դիմումնագիր (S-205) եւ Օժանդակ ռահվիրայական ծառայութեան դիմումնագիր (S-205b)։ Ասոնք կրնան ապսպրուիլ Ժողովքի Ցանցակայքին միջոցաւ կամ Հրատարակութիւններու ապսպրանքի պատճեն–ով (S-14)։ Առնուազն մէկ տարուան պահեստ ունեցէք։ Կանոնաւոր ռահվիրայութեան բոլոր դիմումնագիրները մասնաճիւղ ուղարկելէ առաջ, վստահ եղէք որ անոնք ամբողջացած են։
◼ Մասնաճիւղին համար անհրաժեշտ է ունենալ վերակացու տեսուչներու եւ քարտուղարներու ընթացիկ հասցէներն ու հեռաձայնի թիւերը։ Եթէ որեւէ ատեն փոփոխութիւն մը ըլլայ, Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբը՝ Վերակացու տեսուչի/քարտուղարի հասցէի փոփոխութիւն (S-29) պատճեն մը պէտք է լեցնէ, ստորագրէ եւ փութով մասնաճիւղ ուղարկէ։ Ասիկա կը պարփակէ նաեւ հեռաձայնի քոտ–երու որեւէ փոփոխութիւն։
◼ Երբ ճամբորդելու ձեր անձնական ծրագիրները կը պարփակեն ուրիշ երկրի մը մէջ ժողովքային հանդիպումներու, շրջանային կամ նահանգային համաժողովներու ներկայ գտնուիլ, թուականներու, ժամերու կամ հասցէներու նկատմամբ տեղեկութիւններ ստանալու ձեր խնդրանքները պէտք է ուղարկուին այդ երկրին մէջ գործին վրայ վերահսկող մասնաճիւղը։ Մասնաճիւղերուն հասցէները կը գտնուին ընթացիկ Տարեգիրք–ին վերջին էջին վրայ։