Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Հետեւեալ վերաքաղի հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, Օգոստոս 27–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 2 Յուլիսէն մինչեւ 27 Օգոստոս 2007 շաբաթներուն նշանակումները։
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Ի՞նչպէս կրնանք ուրիշներու հանդէպ յարգանք ցուցաբերել մեր ծառայութեան եւ ժողովքին մէջ։ [կօ էջ 192 պարբ. 2-4]
2. Ի՞նչ բան կենսական է՝ եթէ կ’ուզենք համոզումով արտայայտուիլ։ [կօ էջ 196 պարբ. 1-3]
3. Ի՞նչ կարգ մը թելադրութիւններ կրնան մեզի օգնել որ փափկանկատութեամբ ուրիշներուն վկայենք։ [կօ էջ 198 պարբ. 1-5]
4. Փափկանկատ ըլլալը ի՞նչպէս կը պարփակէ գիտնալ վկայութիւն մը տալու յարմար ժամանակը։ (Առ. 25։11) [կօ էջ 199 պարբ. 1-3]
5. Ի՞նչպէս կրնանք մեր դասախօսութիւններուն թոնը դրական պահել։ [կօ էջ 203 պարբ. 3–էջ 204 պարբ. 1]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Եզեկիէլի գրքին գրողին, կանոնականութեան ու վաւերականութեան մասին։ [si էջ 133 պարբ. 3]
7. Անիրաւութեան տոկալու համար, ո՞ր յատկութիւնը էական է։ [w05 6/1 էջ 29 պարբ. 4]
8. Յարութեան մասին հարցնող Սադուկեցիներուն՝ Յիսուսի տուած պատասխանէն ի՞նչ կը սորվինք։ (Ղուկ. 20։37, 38) [կօ էջ 66 պարբ. 4]
9. Ի՞նչպէս պէտք է պատասխանես, երբ Աստուածաշունչի աշակերտ մը կամ հաւատակից մը հարցնէ թէ որոշ հարցի մը շուրջ ի՛նչ ընելու է։ [կօ էջ 69 պարբ. 4-5]
10. ‘Միտքը դրդող ուժով նորոգուիլը’ ի՞նչ կը պարփակէ։ (Եփ. 4։23, ՆԱ) [կօ էջ 74 պարբ. 4]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Եզեկիէլ 9։2-4–ի մէջ, կտաւէ զգեստ հագած մարդը ո՞վ կը պատկերացնէ, իսկ ‘ճակատներուն վրայ դրուած նշանը’ ի՞նչ կը յայտնէ։ [դ88 9/1 էջ 14 պարբ. 18]
12. Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական առաջնորդները ի՞նչպէս Եզեկիէլ 13։3–ի մէջ նկարագրուած «անզգամ մարգարէներուն» կը նմանին, ‘որոնք իրենց հոգիին ետեւէն կ’երթային’։ [դ99 10/1 էջ 13]
13. Եզեկիէլ 18։2–ի մէջ արձանագրուած «առածը» ըսելով՝ Իսրայելացիները ի՞նչ կը փորձէին ընել, եւ համարատու ըլլալուն նկատմամբ ի՞նչ կարեւոր դաս մը կ’ընդգծուի։ [դ88 9/1 էջ 18 պարբ. 10]
14. Երուսաղէմի պաշարման ու կործանման ժամանակաշրջանին, Եզեկիէլ ի՞նչ առումով «համր» եղաւ։ (Եզեկ. 24։27. 33։22) [w03 12/1 էջ 29]
15. Ո՞վ է ‘Մագոգի երկիրը եղող Գոգը’, եւ ե՞րբ գործի կը լծուի Եհովայի ժողովուրդը կործանելու համար։ (Եզեկ. 38։2, 16) [դ97 6/1 էջ 12 պարբ. 1–էջ 13 պարբ. 3]