Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Դեկտեմբերին. Ցարդ ապրած մեծագոյն Մարդը։ Որպէս փոխընտրութիւն՝ կրնաք ներկայացնել Եհովայի մօտեցիր կամ Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գիրքը։ Յունուարին. Արթո՛ւն կեցէք գրքոյկը։ Այն ժողովքը որ այսպիսի գրքոյկներ չունի, կրնայ ներկայացնել 192 էջնոց հին գիրքեր կամ 1991–էն առաջ հրատարակուած գիրքեր, բացի հետեւեալ գիրքերէն. Կեանքը ի՞նչպէս գոյացաւ՝ բարեշրջութեա՞մբ թէ ստեղծագործութեամբ, Մարդկութիւնը որ Աստուած կը փնտռէ եւ Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ։ Փետրուարին. Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞։ Որպէս փոխընտրութիւն՝ կրնաք ներկայացնել Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գիրքը։ Մարտին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։
◼ Վերակացու տեսուչին կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ՝ Սեպտեմբեր, Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր ամիսներուն համար։ Ստուգման համար նոյն անհատը յաջորդաբար պէտք չէ գործածուի։ Ստուգումը աւարտելէ յետոյ, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։—Տես՝ Ժողովքի հաշուապահութեան մասին ցուցմունքներ (S-27)։
◼ Հաճեցէք նկատի առնել թէ 2009–ի Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի՝ Ապրիլ 9–ին, արեւնամուտէն ետք։ Այս նշումը կանխաւ կը տրուի, որպէսզի եղբայրները կարենան մատչելի սրահներուն համար հարկ եղած վերապահումները կամ պայմանագրութիւնները ընել, երբ մի քանի ժողովքներ միեւնոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն եւ ուրիշ վայրեր ապահովելու կարիք ունին։ Այս պարագաներուն, երէցները վարչութեան հետ համաձայնութիւն մը պէտք է կնքեն, վստահ ըլլալու համար որ միեւնոյն կառոյցին մէջ տեղի ունեցող ուրիշ գործունէութիւններ չխանգարեն Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը, որպէսզի խաղաղութեամբ ու կարգապահութեամբ ընթանայ։