Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ վերաքաղի հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, դեկտեմբեր 29–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 20 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 3 նոյեմբերէն մինչեւ 29 դեկտեմբեր 2008 շաբաթներուն նշանակումները։
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. «Սիրով» յորդորելը ինչո՞ւ ազդու է (Փլմ. 9)։ [կօ էջ 266 պարբ. 1-3]
2. Ի՞նչպէս կրնանք ուրիշներուն քաջասրտութիւն ներշնչել։ [կօ էջ 268 պարբ. 4–էջ 269 պարբ. 2]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
3. Տիտոսի յղուած Պօղոսի նամակը ի՞նչպէս մեզի ‘բարի ու օգտակար’ է (Տիտ. 3։8)։ [si էջ 241 պարբ. 8]
4. Պետրոսի առաջին նամակը ինչո՞ւ ժամանակայարմար էր։ [si էջ 251 պարբ. 1]
5. Յայտնութեան խորհրդանիշները ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենան մեր վրայ։ [si էջ 263 պարբ. 1]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
6. Տիտոս 2։3–ի մէջ Պօղոս հաւանաբար ինչո՞ւ «ո՛չ բանսարկու ըլլալ»ը առնչեց «ո՛չ գինեմոլ» ըլլալուն։ [դ94 9/1 էջ 28 պարբ. 12]
7. Սատանան ‘մահուան իշխանութիւնը ունենալով’՝ կրնա՞յ ոեւէ անհատի կանխահաս մահ պատճառել (Եբ. 2։14)։ [դ08 10/1 «Եհովայի խօսքը կենդանի է. Տիտոսի, Փիլիմոնի եւ եբրայեցիներուն յղուած նամակներէն աչքառու կէտեր»]
8. Ո՞վ է նոր ուխտին «ուխտ կապող մարդը» (Եբ. 9։16, ՆԱ)։ [դ08 10/1 «Եհովայի խօսքը կենդանի է. Տիտոսի, Փիլիմոնի եւ եբրայեցիներուն յղուած նամակներէն աչքառու կէտեր»]
9. Ի՞նչ կը նշանակէ խաղաղարար ըլլալ, եւ այս առնչութեամբ մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ կրնանք ուղղել (Յակ. 3։17)։ [դ08 3/1 էջ 28 պարբ. 18]
10. «Աստուած մեր սրտերէն մեծ է» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ (Ա. Յովհ. 3։20)։ [դ05 8/1 էջ 31 պարբ. 19]