Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ սեպտեմբերին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Համառօտաբար Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ցուցադրելով, տանտիրոջ ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս կրնայ գիրքէն օգտուիլ։ Հոկտեմբերին. Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Եթէ տանտէրը հետաքրքրուի, Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը ներկայացուցէք ու քննարկեցէք։ Եթէ ան արդէն թերթիկը ունի, ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Նոյեմբերին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի, կրնաք 1992–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192 էջնոց գիրք ներկայացնել։ Դեկտեմբերին. Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը։ Եթէ տանտէրը երեխաներ ունի, առաջարկեցէք Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛ գիրքը։
◼ 2010–ի Յիշատակատօնի շրջանին հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի ապրիլ 12–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դասախօսութեան թեման յետագային պիտի ծանուցանուի։ Այդ շաբաթավերջին շրջանային տեսուչի այցելութիւն կամ համաժողով ունեցող ժողովքները, յաջորդ շաբաթ մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ունենան։ Որեւէ ժողովք մասնաւոր դասախօսութիւնը ապրիլ 12–էն առաջ պէտք չէ ունենայ։