Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ հոկտեմբերին. Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Եթէ տանտէրը հետաքրքրուի, Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը ներկայացուցէք ու քննարկեցէք։ Եթէ ան արդէն թերթիկը ունի, ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Նոյեմբերին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի, կրնաք 1992–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192 էջնոց գիրք ներկայացնել։ Դեկտեմբերին. Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը։ Եթէ տանտէրը երեխաներ ունի, առաջարկեցէք Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛ գիրքը։ Յունուարին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի, կրնաք 1992–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192 էջնոց գիրք ներկայացնել։
◼ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի տարեկան յայտագիրը այլեւս Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ որպէս յաւելուած պիտի չտրուի։ Փոխարէն, իւրաքանչիւր ժողովք տարեկան յայտագիրը պիտի ստանայ, եւ անոր մէկ պատճէն պիտի դրուի Թագաւորութեան սրահին տեղեկութիւններու ցուցատախտակին վրայ։ Դպրոցի տեսուչը յաւելեալ պատճէն մը պիտի գործածէ՝ նշանակումներ ընելու։ Հրատարակիչները պիտի շարունակեն ամէն ամիս Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը ստանալ, եւ անիկա պիտի պարփակէ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան, Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի եւ Ծառայութեան ժողովի շաբաթական յայտագիրը։