Հարցումի Տուփ
◼ Ժողովներուն յայտագիրը հեռաձայնային գիծերով փոխանցելը ինչո՞ւ լաւ դատողութիւն կը պահանջէ։
Բազմաթիւ ժողովքներ կարելի դարձուցած են, որ հիւանդութեան կամ ուրիշ անխուսափելի պարագայի պատճառաւ Թագաւորութեան սրահին մէջ ժողովքային հանդիպումներու ներկայ գտնուելու կարող չեղող անհատներ, հեռաձայնի միջոցով իրենց տան մէջ յայտագիրը ունկնդրեն։ Լաւ դատողութիւն եւ բծախնդիր կարգաւորութիւն կը պահանջուին, վստահ ըլլալու համար թէ այս սիրալիր կարգադրութիւնը կը գործածուի անոնց կողմէ, որոնք իրապէս կարիք ունին։ Հետեւաբար, այս կարգադրութեան վրայ վերահսկող երէցները պիտի ուզեն զայն կազմակերպել, որպէսզի ‘ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ ըլլայ’ (Ա. Կոր. 14։40)։
Երէցները նախապատուութիւն պիտի տան իրենց ժողովքի այն հրատարակիչներուն, որոնք երկարատեւ հիւանդութիւն ունին, անկարող են կամ այլ պատճառներով տան մէջ արգելափակուած են։ Առժամապէս հիւանդ կամ անկարող հրատարակիչը եւ տան մէջ արգելափակուած Աստուածաշունչի յառաջդիմական աշակերտը, նմանապէս կրնան այս կարգադրութենէն օգտուիլ ու ներկաներուն թիւին մէջ պարփակուիլ։ Եթէ բաւարար հեռաձայնային գիծեր չկան, տարբեր կարգադրութիւններ կարելի է ընել, ինչպէս՝ ժողովի յայտագիրը արձանագրել։
Անշուշտ, մեր ժողովներուն անձամբ ներկայ գտնուելով մեծ օգուտներ կը քաղենք։ Մեր եղբայրներուն ուղղակի ընկերակցելով ‘զիրար կը քաջալերենք’, իսկ նորեկները ներկայ գտնուելու կարիքը աւելի կը գնահատեն։ Երբ մեր ժողովներուն ներկայ կը գտնուինք, ցուցադրութիւնները աւելի լաւ կ’ըմբռնենք, երէցները կրնան անձամբ մեզի օգնել եւ եղբայրութեան ջերմ սէրը կը շօշափենք։ Արդարեւ ճշմարիտ են տարեց քրոջ մը զգացումները, որ ժողովի մը աւարտին՝ ողջագուրումէ մը ետք, բացագանչեց. «Ասիկա հեռաձայնով չես ստանար» (Հռով. 1։11, 12, Անթիլիաս)։
Աննայի նման, որ «տաճարէն չէր զատուեր», ներկայիս մեր տարեցներէն շատեր կանոնաւորաբար քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ կը գտնուին, այնքան ատեն որ իրենց առողջութիւնն ու պարագաները կը ներէ (Ղուկ. 2։36, 37)։ Թէեւ անոնք հեռաձայնային գիծը կ’օգտագործեն երբ հարկ ըլլայ, բայց զայն յարմար փոխընտրութիւն չեն նկատեր, նախընտրելով Թագաւորութեան սրահին մէջ ժողովներուն ներկայ գտնուիլը։ Անոնց ընտիր օրինակին հետեւելով, շարունակենք ուրախութեամբ ջանալ ժողովներուն անձամբ ներկայ գտնուիլ, ուր մեր մեծ Աստուածը՝ Եհովան կը պաշտենք (Սաղ. 95։1-3, 6. 122։1)։