Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, դեկտեմբեր 28–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։
1. Ներկայիս քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան Բ. Օրինաց 14։1–ի մէջ նշուած սկզբունքը կիրարկել։ [w05 1/1 էջ 28. դ04 10/1 էջ 20 պարբ. 7]
2. Բ. Օրինաց 20։5-7–ն սկզբունքով ի՞նչպէս կրնայ այսօր քրիստոնէական ժողովքէն ներս կիրարկուիլ։ [դ04 10/1 էջ 20 պարբ. 8]
3. Իսրայէլ պատերազմական հարցերուն մէջ ի՞նչպէս միւս ազգերէն տարբեր էր (Բ. Օր. 20։10-15, 19, 20. 21։10-13)։ [cl էջ 134-135, պարբ. 17]
4. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ սրտի ուրախութեամբ Եհովայի ծառայենք (Բ. Օր. 28։47)։ [դ95 4/1 էջ 25-26 պարբ. 4-5]
5. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան օգտուիլ Բ. Օրինաց 32։9, 11, 12–ի մէջ տրուած նմանութենէն, որ իսրայէլի հանդէպ Եհովայի սէրը կը լուսաբանէ։ [դ01 10/1 էջ 9 պարբ. 7-9]
6. Ի՞նչպէս պէտք է հասկնանք Ռախաբի մոլորեցուցիչ խօսքերը, զորս ըսաւ թագաւորին մարդոց, որոնք լրտեսները կը փնտռէին (Յես. 2։4, 5)։ [w93 12/15 էջ 25 պարբ. 1]
7. Յեսու 3։15, 16–ի մէջ արձանագրուած իսրայէլացիներու օրինակէն ի՞նչ դաս կը քաղենք։ [դ04 12/1 էջ 18 պարբ. 2]
8. Աքարի գողութիւնը ձեռք առնելու Յեսուի կերպէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ (Յես. 7։20-25)։ [դ04 12/1 էջ 19 պարբ. 8]
9. Յեսու 9։22, 23–ը ի՞նչպէս Աստուծոյ Խօսքին ստոյգ կատարումը ցցուն կ’ընէ։ [դ04 12/1 էջ 19 պարբ. 7. si էջ 44, պարբ. 13]
10. Քաղէբի օրինակէն ի՞նչ քաջալերութիւն կրնանք քաղել (Յես. 14։8, 10-12)։ [դ04 12/1 էջ 20 պարբ. 5. w93 5/15 էջ 29 պարբ. 1]