Ընտանիք գիրքը պիտի ուսումնասիրենք
1, 2. ա) Ոմանք ինչպէ՞ս տպաւորուած են Ընտանիք գիրքով։ բ) Այս գիրքէն ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։
1 «Այս ողջամիտ ու ժամանակայարմար խրատը զիս մղեց արտասուելու», գրեց Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գիրքը ընթերցողներէն մէկը։ «Արդարեւ զիս տպաւորած են անոր մանրամասնութիւնները եւ փափկանկատ մօտեցումը, լուսարձակի տակ առնելով գրեթէ ամէն փորձիչ կացութիւն, որ կրնայ ընտանիքէն ներս զարգանալ։ . . .8–րդ գլուխին կէսը հասնելէ ետք, կանգ առի որ ձեզի գրեմ։ Չկրցայ աւելի սպասել»։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ ապրող այս գնահատող ընթերցողը աւելցուց. «Կ’աղօթեմ որ ընտանիքս, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարածքին շատեր, սովորականէն աւելի ուշադրութիւն ընծայեն այս գրքին բովանդակութեան»։
2 13 տարեկան Ուլրիք գրեց. «Իրապէս գնահատեցի որ այս գիրքին մէջ զետեղած էք՝ ‘Մէկ–ծնողով ընտանիքներ կրնա՛ն յաջողիլ’ գլուխը։ Անիկա ինծի օգնեց որ մօրս հետ աւելի ազնուօրէն վարուիմ եւ իրեն աւելի օգտակար ըլլամ, նկատի ունենալով որ անիկա միածնող մըն է։ Այս գլուխը նաեւ ինծի օգնեց որ իր զգացումները աւելի լաւ հասկնամ։ Միշտ կը խորհէի թէ միայն ես եմ որ զգացականօրէն կը տառապիմ»։ Դեռատին եզրափակեց. «Այս գիրքը ինծի մեծապէս օգնես»։ Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը կրնայ ընտանիքի բոլոր անդամներուն օգտել,– ամուսիններուն, կիներուն, ծնողներուն, զաւակներուն, մեծ–ծնողներուն,– արդարեւ, բոլորին։ Անոր կարգ մը դաստիարակիչ գլուխներն են. «Ձեր զաւակները իրենց մանկութենէն մարզեցէք», «Ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ բարգաւաճին», «Ձեր ընտանիքը պաշտպանեցէք քանդիչ ազդեցութիւններէ» եւ «Տան մէջ խաղաղութիւնը պահեցէք»։
3. Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր նպատակը, մինչ Ընտանիք գիրքը կ’ուսումնասիրենք։
3 Վստահաբար բոլորս ալ ուրախացանք, երբ իմացանք թէ մարտ 1–ով սկսող շաբաթէն սկսեալ, Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան մէջ պիտի սերտենք Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գիրքը։ Ո՛չ ոք պիտի ուզէ ընտանեկան երջանիկ կեանքի մասին այս գործնական աստուածաշնչական ուղեգրքին ուսումնասիրութիւնը կորսնցնել։ Ուսումնասիրութեան յայտագիրը թոյլ պիտի տայ, որ գրքին իւրաքանչիւր պարբերութիւնը եւ աստուածաշնչական համարները ամբողջական կերպով քննարկուին։ Պիտի նշմարես թէ բաւարար ժամանակ պիտի տրամադրուի, որպէսզի բազմաթիւ նշուած համարներ կարդացուին ու քննարկուին, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր պարբերութեան մէջ մէջբերուած համարներուն կիրարկումը ուշադրութեամբ նկատի առնուի։ Ուսումնասիրութեան կարեւոր մէկ երեսակը պիտի ըլլայ՝ ուսուցումի տուփին քննարկումը, իւրաքանչիւր գլուխին աւարտին։ Հետեւաբար, բաւարար ժամանակ պէտք է յատկացուի՝ տուփին պարփակած հարցումներն ու նշուած համարները նկատի առնելու համար։
4. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան վարիչները ինչպէ՞ս կրնան ամբողջ ժողովքին օգնել, որ այս ուսումնասիրութենէն օգտուին։
4 Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան վարիչները կը յորդորենք, որ բծախնդրաբար ուսումնասիրութիւնները պատրաստեն եւ ամբողջ ժողովքը քաջալերեն, ի ներառեալ՝ նորեկները, որ լաւ նախապատրաստուին, կանոնաւորաբար ներկայ գտնուին ու մասնակցին։