Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ փետրուար. Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞։ Հրատարակիչները կրնան նաեւ ներկայացնել՝ Աստուածաշունչը. Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց կամ Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը։ Մարտ. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Հրատարակիչները պէտք է ի մտի ունենան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ, երբ այս գիրքը տեղաւորուի կամ եթէ տանտէրը զայն ունի։ Ապրիլ, մայիս. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու կը վերայցելէք, ի ներառեալ՝ անոնք որոնք Յիշատակատօնին կամ աստուածպետական այլ առիթներու ներկայ գտնուեցան, բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր, կեդրոնացէք Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը բաշխելու վրայ, նպատակ ունենալով՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։