Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, փետրուար 22–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը պիտի վարէ 20 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը, որ կ’ընդգրկէ յունուար 4–ով սկսող շաբաթէն մինչեւ փետրուար 22–ով սկսող շաբաթը ներկայացուած նիւթերը։
1. Ի՞նչ ազդակներ թերեւս պատճառ եղան, որ կարգ մը իսրայէլացիներ ձգձգեն Խոստացեալ երկիրը ժառանգելը, իսկ ասկէ ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ (Յես. 18։2, 3)։ [it-1 էջ 359 պարբ. 5]
2. Անտարակոյս ի՞նչ բան Յեսուն մղեց ըսելու Յեսու 24։14, 15–ի խօսքերը, եւ ասիկա ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեզի։ [դ08 5/1 էջ 25-26 պարբ. 4-6]
3. Բահաղի երկրպագուները եւ անոնց պաշտամունքը ի՞նչ կերպով իսրայէլացիներուն որոգայթ եղան (Դատ. 2։3)։ [w08 2/15 էջ 27 պարբ. 2-3]
4. Սուրը խիզախօրէն գործածելու Աւովդի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ (Դատ. 3։16, 21)։ [w97 3/15 էջ 31 պարբ. 4]
5. Գեդէօնը եւ իր 300 մարդիկը ազատելու Եհովայի կերպը ուսումնասիրելով, ի՞նչ քաջալերութիւն կը ստանանք (Դատ. 7։19-22)։ [w05 7/15 էջ 16 պարբ. 8]
6. Ի՞նչ առումով Եհովայի «սիրտը վշտացաւ Իսրայէլի նեղութեանը համար» (Դատ. 10։16)։ [cl էջ 254-255 պարբ. 10-11]
7. Յեփթայէ ի մտի ունէ՞ր մարդկային զոհ մը մատուցանել, երբ իր ուխտը ըրաւ (Դատ. 11։30, 31)։ [դ05 3/1 էջ 16 պարբ. 1]
8. Սամփսոնի զօրութիւնը բառացիօրէն իր մազերո՞ւն մէջ էր (Դատ. 16։18-20)։ [w05 3/15 էջ 28 պարբ. 5-6]
9. Դատաւորաց 16։3–ի մէջ նկարագրուած Սամփսոնի ապշեցուցիչ արարքը հասկնալը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ (Դատ. 16։3)։ [դ04 11/1 էջ 15 պարբ. 7-8]
10. Սամփսոնի խօսքէն՝ «Իմ հոգիս. . . թող մեռնի», ի՞նչ կարելի է սորվիլ մարդկային հոգիին մասին (Դատ. 16։30, ՆԱ)։ [w90 9/1 էջ 5 պարբ. 5. sp էջ 13-14]