Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, ապրիլ 26–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը պիտի վարէ 20 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը, որ կ’ընդգրկէ մարտ 1–ով սկսող շաբաթէն մինչեւ ապրիլ 26–ով սկսող շաբաթը ներկայացուած նիւթերը։
1. Նոեմի ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Տէրը ինծի դէմ վկայութիւն տուաւ ու Ամենակարողը զիս վշտացուց» (Հռութ 1։21)։ [դ05 3/1 էջ 29 պարբ. 1]
2. Ի՞նչ յատկութիւններ Հռութը «առաքինի կին մը» ըրին (Հռութ 3։11)։ [դ05 3/1 էջ 30 պարբ. 6]
3. Եղկանայի խօսքը՝ «միթէ ես քեզի տասը որդիէ աւելի լաւ չե՞մ», ինչպէ՞ս իր կինը սրտապնդեց (Ա. Թագ. 1։8)։ [w90 3/15 էջ 27 պարբ. 5-6]
4. Թագաւոր մը ունենալու իսրայէլի խնդրանքը ինչո՞ւ անպատշաճ էր (Ա. Թագ. 8։5)։ [դ05 10/1 էջ 16 պարբ. 17. it-2 էջ 163 պարբ. 1]
5. ‘Ծերացած ու մազերը ճերմկցած’ Սամուէլ ինչպէ՞ս օրինակ հանդիսացաւ՝ ուրիշներուն ի նպաստ աղօթելու մէջ, եւ ասիկա ի՞նչ բան ցցուն կ’ընէ (Ա. Թագ. 12։2, 23)։ [դ07 6/1 էջ 30 պարբ. 14-15]
6. Սաւուղ կենեցիներուն հանդէպ ինչո՞ւ մասնայատուկ նկատառութիւն ցուցաբերեց (Ա. Թագ. 15։6)։ [դ05 4/1 էջ 30 պարբ. 8]
7. Ի՞նչ բան Սաւուղը մղեց Դաւիթի հարցնելու. «Որո՞ւն տղան ես դուն, պատանի» (Ա. Թագ. 17։58)։ [w07 8/1 էջ 31 պարբ. 3, 5]
8. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Դաւիթէն, երբ Գէթի մէջ լուրջ խնդիր մը ձեռք առաւ (Ա. Թագ. 21։12, 13)։ [դ05 4/1 էջ 31 պարբ. 7]
9. Յովնաթանի սէրն ու խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս ի յայտ եկան, երբ հարկ եղաւ որ իր բարեկամին՝ Դաւիթի զօրակցի եւ քաջալերէ (Ա. Թագ. 23։17)։ [lv էջ 28 պարբ. 10, ստորանիշ]
10. Սաւուղի եւ Ենդովրի վհուկ կնոջ հանդիպումէն ի՞նչ դաս կը քաղենք (Ա. Թագ. 28։8-19)։ [դ05 4/1 էջ 31 պարբ. 10]