Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2011–ի փետրուար 28–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը պիտի վարէ 20 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը, որ հիմնուած է 2011–ի յունուար 3–ով սկսող շաբաթէն մինչեւ փետրուար 28–ով սկսող շաբաթը ներկայացուած նիւթերուն վրայ։
1. Եզեկիա իր իշխանութեան սկիզբը ի՞նչ գործ նախաձեռնեց, եւ ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել այսօր (Բ. Մնաց. 29։16-18)։ [դ09 6/1 էջ 17 պարբ. 13]
2. Բ. Մնացորդաց 36։21–ը ինչպէ՞ս կ’ընդգծէ Երեմիա 25։8-11–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութեան կատարումը։ [w06 11/15 էջ 32 պարբ. 1-4]
3. Եզրաս 3։1-6–ը ինչպէ՞ս թիկունք կը կանգնի աստուածաշնչական ապացոյցին, թէ Երուսաղէմի 70 տարուան ամայացումը ճիշդ ժամանակին վերջ գտաւ։ [դ06 1/1 էջ 15 պարբ. 2]
4. Եզրաս ինչո՞ւ ապշեցաւ, երբ երկրին ժողովուրդին հետ եղած խառն ամուսնութիւններուն մասին իմացաւ (Եզր. 9։1-3)։ [դ06 1/1 էջ 16 պարբ. 1]
5. Որո՞նք էին «մեծերը», եւ անոնց ո՞ր կեցուածքէն պէտք է խուսափինք (Նէ. 3։5)։ [դ06 2/1 էջ 29 պարբ. 9. դ86 6/1 էջ 29]
6. Նէեմիա կառավարիչը ինչպէ՞ս քրիստոնեայ տեսուչներուն համար ընտիր օրինակ մըն է (Նէ. 5։14-19)։ [si էջ 90 պարբ. 16]
7. Նէեմիայի օրուան իսրայէլացիներուն նման, ինչպէ՞ս կրնանք խուսափիլ «մեր Աստուծոյն տանը» վրայով անհոգ ըլլալէ (Նէ. 10։32-39)։ [դ98 11/1 էջ 20 պարբ. 12]
8. Նէեմիայի ընթացքին վրայ խոկալը կրնայ մեզ մղել, որ մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ ուղղենք (Նէ. 13։31)։ [դ96 12/1 էջ 27 պարբ. 3]
9. Եսթեր Ասուերոս թագաւորին հետ անբարոյ յարաբերութիւն ունեցա՞ւ (Եսթ. 2։14-17)։ [դ91 2/1 էջ 31 պարբ. 6]
10. Մուրթքէ ինչո՞ւ մերժեց Համանի ծնրադրել (Եսթ. 3։2, 4)։ [it-2 էջ 431 պարբ. 7]