Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ ապրիլ եւ մայիս. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ կը վերայցելէք հետաքրքրուած անհատներու,– ի ներառեալ անոնց որոնք Յիշատակատօնին կամ այլ աստուածպետական առիթներու ներկայ եղան՝ բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր,– ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ կեդրոնացէք՝ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը գործածելով։ Յունիս. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Եթէ տանտէրը արդէն ունի այս գիրքը, հրատարակիչներ կրնան ներկայացնել 192 էջնոց որեւէ գիրք, որ տպուած է գունաթափուող թուղթի վրայ, կամ որեւէ գիրք որ 1995–էն առաջ լոյս տեսած է։ Յուլիս. Հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը. Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի. Գիրք մը՝ բոլոր մարդոց համար. Գոհացուցիչ կեանք՝ ի՛նչպէս ձեռք ձգել. եւ Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք։
◼ Նահանգային համաժողովին շաբաթը նախորդող ժողովի յայտագիրը կրնայ ճշդումի ենթարկուիլ, համաժողովին ներկայ գտնուելու վերաբերեալ խրատներն ու յիշեցումները վերաքաղ ընելու համար։ Ձեր համաժողովէն մէկ կամ երկու ամիս ետք, տեղական կարիքներու բաժին մը կրնայ գործածուիլ, վերաքաղ ընելու համար համաժողովի այն կէտերը, զորս հրատարակիչները ծառայութեան մէջ գործնական գտած են։
◼ Մայիսէն սկսեալ, բոլոր ժողովքները իւրաքանչիւր ամսուան առաջին շաբաթ օրը պէտք է գործածեն, որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ կեդրոնանան։ Դիտարան–ի յօդուածաշարքը՝ «Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛», այնպէս մը պատրաստուած է որ հրատարակիչներուն օգնէ ասիկա ընելու։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկի իւրաքանչիւր թիւին վերջին էջը, յաջորդ ամսուան համար ներկայացումի նմոյշներ պիտի պարփակէ, ի ներառեալ՝ թելադրութիւն մը, առաջին շաբաթ օրը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար։