Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ մայիս. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ կը վերայցելէք հետաքրքրուած անհատներու,– ի ներառեալ անոնց որոնք Յիշատակատօնին կամ այլ աստուածպետական առիթներու ներկայ եղան՝ բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր,– ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ կեդրոնացէք՝ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը գործածելով։ Յունիս. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Եթէ տանտէրը արդէն ունի այս գիրքը, հրատարակիչներ կրնան ներկայացնել 192 էջնոց որեւէ գիրք, որ տպուած է գունաթափուող թուղթի վրայ, կամ որեւէ գիրք որ 1995–էն առաջ լոյս տեսած է։ Յուլիս եւ օգոստոս. Հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը. Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի. Գիրք մը՝ բոլոր մարդոց համար. Գոհացուցիչ կեանք՝ ի՛նչպէս ձեռք ձգել եւ Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք։