Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ յուլիս եւ օգոստոս. Հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը. Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի. Գիրք մը՝ բոլոր մարդոց համար. Գոհացուցիչ կեանք՝ ի՛նչպէս ձեռք ձգել եւ Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք։ Սեպտեմբեր. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Ջանացէք առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան առաջարկը չ’ընդունիր, հրատարակիչները կրնան անհատը հետաքրքրող հին պարբերաթերթ մը կամ գրքոյկ մը ներկայացնել։ Հոկտեմբեր. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Եթէ անհատը հետաքրքրուի, ներկայացուցէք Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։