Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2011–ի դեկտեմբեր 26–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։
1. Առակաց 30։32–ի մէջ գտնուող խրատը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ աւելի չբորբոքենք այն անհատը, որ թերեւս վիրաւորած ենք։ [դ87 8/1 էջ 24 պարբ. 11]
2. Ինչպիսի՞ «ուրախութենէ» ետք է որ անհատ մը անբաւարարութեան զգացում կ’ունենայ (Ժող. 2։1)։ [g 4/06 էջ 6 պարբ. 1-2]
3. Թէեւ ոմանք կ’եզրակացնեն թէ Ժողովող 3։1-9–ի մէջ արձանագրուած Սողոմոնի խօսքերը ճակատագրի գաղափարին թիկունք կը կանգնին, սակայն Ժողովող 9։11–ի մէջ անոր գրածը ինչպէ՞ս կը յստակացնէ այս հարցը՝ բացայայտօրէն ցուցնելով թէ կեանքին մէջ ամէն բան ճակատագիրով չ’որոշուիր։ [դ09 4/1 էջ 4 պարբ. 4]
4. «Խիստ շատ արդար» ըլլալուն մէջ ի՞նչ վտանգ կայ (Ժող. 7։16)։ [դ10 10/1 էջ 21 պարբ. 8-9]
5. Երգ Երգոց 2։7–ն ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ ամուսնութեան մասին մտածողներուն համար՝ կողակից մը ընտրելուն մէջ աճապարանօք չըլլալը իմաստութիւն է։ [դ06 12/1 էջ 11 պարբ. 1. w80 4/15 էջ 19 պարբ. 7]
6. Սողոմացիին ‘շրթունքէն մեղրախորիսխ կաթիլը’ եւ ‘լեզուին տակ մեղր ու կաթ ըլլալը’ ի՞նչ կը նշեն (Երգ 4։11)։ [դ06 12/1 էջ 11 պարբ. 6]
7. «Սքանչելի Խորհրդակից», «Հզօր Աստուած» եւ «Յաւիտենականութեան Հայր» տիտղոսները, Յիսուսի յատկութիւններուն եւ նոր աշխարհին մէջ իր իշխանութեան մասին ի՞նչ կը յայտնեն (Եսա. 9։6)։ [դ91 5/1 էջ 23 պարբ. 7]
8. Իսրայէլի «կեղծաւոր ազգ»ը որո՞ւ հետ կրնանք բաղդատել այսօր, եւ զայն կործանելու համար՝ ո՞վ պիտի ծառայէ որպէս Եհովայի «գաւազանը» (Եսա. 10։5, 6)։ [ip-1 էջ 145 պարբ. 4-5. էջ 153 պարբ. 20]
9. Եսայիի նախագուշակութիւնը, թէ Բաբելոնի մէջ «յաւիտեան բնակութիւն պիտի չըլլայ», ինչո՞ւ շատ յատկանշական է, եւ անոր կատարումը մեզի ի՞նչ վստահութիւն կու տայ (Եսա. 13։19, 20)։ [g 11/07 էջ 9 պարբ. 4-5]
10. Յիսուս ե՞րբ ստացաւ «Դաւիթին տանը բանալին», եւ զայն ինչպէ՞ս կը գործածէ (Եսա. 22։22)։ [դ09 1/1 էջ 9 պարբ. 2]