Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ յունուար. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Ջանացէք առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան առաջարկը չ’ընդունիր, հրատարակիչները կրնան անհատը հետաքրքրող հին պարբերաթերթ մը կամ գրքոյկ մը ներկայացնել։ Փետրուար. հրատարակիչները կրնան հետեւեալ գիրքերէն մէկը ներկայացնել. Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞, Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը, կամ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց։ Մարտ. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Ջանացէք առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան առաջարկը չ’ընդունիր, հրատարակիչները կրնան անհատը հետաքրքրող հին պարբերաթերթ մը կամ գրքոյկ մը ներկայացնել։ Ապրիլ. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Եթէ անհատը հետաքրքրուի, ներկայացուցէք Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Երբ կը վերայցելէք հետաքրքրուած անհատներու,– ներառեալ՝ անոնց որոնք Յիշատակատօնին կամ այլ աստուածպետական առիթներու ներկայ եղան՝ բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր,– ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ կեդրոնացէք՝ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը գործածելով։
◼ Փետրուարէն սկսեալ, շրջանային տեսուչներու նոր հանրային դասախօսութեան բնաբանը պիտի ըլլայ՝ «Վստահութիւնդ Եհովայի՞ վրայ է»։