Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ մարտ. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Ջանացէք առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան առաջարկը չ’ընդունիր, հրատարակիչները կրնան անհատը հետաքրքրող հին պարբերաթերթ մը կամ գրքոյկ մը ներկայացնել։ Ապրիլ եւ մայիս. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Եթէ անհատը հետաքրքրուի, ներկայացուցէք Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Երբ կը վերայցելէք հետաքրքրուած անհատներու,– ներառեալ՝ անոնց որոնք Յիշատակատօնին կամ այլ աստուածպետական առիթներու ներկայ եղան՝ բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր,– ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ կեդրոնացէք՝ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը գործածելով։ Յունիս. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Ջանացէք առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան առաջարկը չ’ընդունիր, հրատարակիչները կրնան անհատը հետաքրքրող հին պարբերաթերթ մը կամ գրքոյկ մը ներկայացնել։
◼ Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 5 ապրիլ 2012–ին։ Եթէ ձեր ժողովքը սովորաբար ժողովներ կ’ունենայ այդ օրը, անոնք պէտք է կայացուին շաբթուան ուրիշ մէկ օրուան մէջ, եթէ Թագաւորութեան սրահը մատչելի է։ Իսկ եթէ ասիկա կարելի չէ եւ ձեր Ծառայութեան ժողովը պիտի ազդուի, կրնաք ձեր ժողովքին կիրարկուող բաժինները ներկայացնել ուրիշ Ծառայութեան ժողովի մը մէջ։
◼ Գալիք Ծառայութեան ժողովներու ընթացքին պիտի քննարկուին Պատանիները կը հարցնեն տեսաֆիլմերը,– Ինչպէ՞ս իսկական ընկերներ կրնամ ունենալ եւ Կեանքս ի՞նչ կերպով գործածեմ։ Ի պահանջել հարկին, զանոնք պէտք է ապսպրել ժողովքին միջոցով, կարելի եղածին չափ շուտ։