Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/12 էջ 7
  • Չնչին արժէք ունեցող երկու լուման

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Չնչին արժէք ունեցող երկու լուման
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ան միւսներէն աւելի ձգեց
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
  • Գիտէի՞ր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Եհովա կ’արժեւորէ ձեր սրտանց ծառայութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Առատաձեռնութիւնը ուրախութիւն կը բերէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
թծ 4/12 էջ 7

Չնչին արժէք ունեցող երկու լուման

Թագաւորութեան շահերուն աջակցելու կարեւոր մէկ կերպն է՝ նիւթապէս նպաստել համաշխարհային քարոզչութեան։ Սակայն, ի՞նչ կարելի է ըսել եթէ նիւթական խեղճ միջոցներ ունինք։

Առիթով մը, Յիսուս աղքատ այրի մը տեսաւ, որ տաճարին գանձանակին մէջ չնչին արժէք ունեցող երկու լումայ ձգեց։ Եհովային հանդէպ իր սէրը զինք մղեց որ «իր ունեցածին բոլորը ձգ[է]՝ իր բոլոր ապրուստը» (Մար. 12։41-44)։ Այն իրողութիւնը թէ Յիսուս ասիկա նշեց, ցոյց կու տայ որ անոր նուիրատուութիւնը Աստուծոյ աչքին մեծ արժէք ունէր։ Նմանապէս, առաջին դարու քրիստոնեաները, ծառայութեան նիւթական աջակցութիւն հայթայթելու պատասխանատուութիւնը չնկատեցին միայն հարուստ քրիստոնեաներուն առանձնաշնորհումը։ Պօղոս առաքեալ նշեց մակեդոնացիներուն օրինակը, որոնք հակառակ «իրենց ծայր աստիճան աղքատութեան. . . կ’աղաչէին. . . որ պատիւ ունենան նուէրներ տալու» (Բ. Կոր. 8։1-4, ՆԱ)։

Ուստի, եթէ կրնանք միայն ‘չնչին արժէք ունեցող երկու լումայ’ տալ, պէտք է յիշենք որ չնչին նուիրատուութիւնները քով–քովի դրուելով՝ կը դառնան մե՜ծ գումար։ Մեր սրտաբուխ նուիրատուութիւնները պիտի հաճեցնեն մեր առատաձեռն երկնաւոր Հայրը, քանի որ «Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ» (Բ. Կոր. 9։7)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել