Պատանիները կը հարցնեն. ինչպէ՞ս իսկական ընկերներ կրնամ ունենալ
Եհովան մարդիկը ստեղծեց որ իրարու հետ համագործակցին եւ բարեկամութիւններ մշակեն (Առ. 17։17. 18։1, 24)։ Որպէսզի այս փոխյարաբերութիւնները փոխադարձաբար օգտակար ըլլան, հարկ է որ ուշադրութեա՛մբ ընտրենք մեր ընկերակիցները (Առ. 13։20)։ Պատանիները կը հարցնեն. ինչպէ՞ս իսկական ընկերներ կրնամ ունենալ վիտէոն դիտելէ ետք, կրնա՞ս պատասխանել հետեւեալ հարցումներուն։
Նախաբան.
1) Իսկական ընկերը ո՞վ է։
Բարեկամութեան խոչընդոտներ.
2) Ինչպէ՞ս կարելի է յաղթահարել անտեսուած ըլլալու զգացումը (Փլպ. 2։4), 3) ինչո՞ւ յօժար պէտք է ըլլանք մեր անձնաւորութիւնը բարելաւելու, եւ ո՞վ կրնայ մեզի օգնել ասիկա ընելու (Բ. Կոր. 13։11), 4) ինչպէ՞ս կրնանք առիթներ գտնել աւելի ընկերներ ունենալու համար (Բ. Կոր. 6։13)։
Աստուծոյ հետ բարեկամութիւն.
5) Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի հետ աւելի սերտ փոխյարաբերութիւն մշակել, եւ ինչո՞ւ կ’արժէ ջանք թափել ասիկա ընելու համար (Սաղ. 34։8), 6) երբ Եհովան մեր լաւագոյն բարեկամը կը դարձնենք, ի՞նչ օգտակար բարեկամութիւններ կրնանք վայելել։
Ընկերներու սխալ ընտրութիւն.
7) Որո՞նք չար ընկերակիցներ են (Ա. Կոր. 15։33), 8) ընկերներու սխալ ընտրութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ անհատ մը հոգեւորապէս կործանել։
Արդի թատերախաղ.
9) Դինայի մասին աստուածաշնչական արձանագրութիւնը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ (Ծն. 34։1, 2, 7, 19), 10) Թէրան անհաւատ պատանիներու հետ իր ընկերակցութիւնը ինչպէ՞ս արդարացուց, 11) Թէրայի դպրոցակիցները զինք ի՞նչ վտանգներու ենթարկեցին, 12) Թէրայի ծնողները ինչո՞ւ իր վտանգաւոր կացութիւնը չնկատեցին, բայց ի՞նչ մօտեցումով իրեն օգնեցին որ հոգեւորապէս ապաքինի, 13) ռահվիրայ քոյր մը ինչպէ՞ս ապացուցանեց թէ իսկական ընկեր մըն էր Թէրայի, 14) Թէրան ի՞նչ բան սկսաւ տարբեր տեսանկիւնէ մը դիտել։
Եզրափակութիւն.
15) Այս վիտէոյէն ի՞նչ դասեր սորվեցար, 16) ինչպէ՞ս կրնաս զայն գործածել ուրիշներուն օգնելու համար։
Թող որ ընտրենք բարեկամներ, որոնք մեզի պիտի օգնեն պահպանելու մեծագոյն բարեկամութիւնը՝ Աստուծոյ հետ մեր բարեկամութիւնը (Սաղ. 15։1, 4. Եսա. 41։8)։