Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2012–ի հոկտեմբեր 29–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Քննարկուելիք իւրաքանչիւր կէտի թուականը նշուած է, այնպէս որ կարելի է պրպտում կատարել իւրաքանչիւր շաբաթ, դպրոցի յայտագիրը պատրաստելու ատեն։
1. Տեսիլքով Եզեկիէլի տեսած զոհասեղանը ի՞նչ կը ներկայացնէ (Եզեկ. 43։13-20)։ [Սեպտ. 10, դ07 8/1 էջ 8 պարբ. 4]
2. Եզեկիէլի տեսլական գետին ջուրերը ի՞նչ կը պատկերացնեն (Եզեկ. 47։1-5)։ [Սեպտ. 17, դ07 8/1 էջ 9 պարբ. 2]
3. «Իր սրտին մէջ որոշեց» արտայայտութիւնը իր պատանեկութեան ընթացքին Դանիէլի ստացած հոգեւոր ցուցմունքներուն մասին ի՞նչ կը յայտնեն (Դան. 1։8, ՆԱ)։ [Սեպտ. 24, Դանիէլ էջ 33-34 պարբ. 7-9. էջ 36 պարբ. 16]
4. Նաբուգոդոնոսորի երազին մէջ հսկայ ծառը ի՞նչ կը պատկերացնէր (Դան. 4։10, 11, 20-22)։ [Հոկտ. 1, դ07 9/1 էջ 24 պարբ. 5]
5. Դանիէլ 9։17-19–ն մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ աղօթքի մասին։ [Հոկտ. 8, դ07 9/1 էջ 26 պարբ. 5-6]
6. Ո՞ր ուխտը ‘շատերուն հետ հաստատուեցաւ’ մինչեւ տարիներու 70–րդ եօթնեակին վերջաւորութիւնը, կամ՝ Ք.Ե. 36 (Դան. 9։27)։ [Հոկտ. 8, դ07 9/1 էջ 26 պարբ. 4]
7. Ի՞նչ կրնանք եզրակացնել այն բանէն, թէ հրեշտակը Դանիէլին ըսաւ որ «Պարսիկներու թագաւորութեան իշխանը» իրեն դէմ ընդդիմացաւ (Դան. 10։13)։ [Հոկտ. 15, դ11 10/1 էջ 8 պարբ. 1-2]
8. Դանիէլ 11։20–ի համաձայն, Մեսիայի առնչութեամբ Աստուածաշունչի ո՞ր մարգարէութիւնը կատարուեցաւ։ [Հոկտ. 15, Դանիէլ էջ 232-233 պարբ. 5-6]
9. Ըստ Ովսէէ 4։11–ին, ալքոլի չափազանց գործածութեան մէկ վտանգը ի՞նչ է։ [Հոկտ. 22, դ10 2/1 էջ 4-5]
10. Ովսէէ 6։6–էն ի՞նչ կարեւոր դաս մը պէտք է սորվինք։ [Հոկտ. 22, դ07 10/1 էջ 8 պարբ. 5. դ05 12/1 էջ 15 պարբ. 11-12]