Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ դեկտեմբեր. Հրատարակիչները կրնան հետեւեալ թերթիկներէն մէկը ներկայացնել. Ինչո՛ւ կրնաք Աստուածաշունչին վստահիլ, Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ կամ Ներկայ աշխարհը պիտի վերապրի՞։ Եթէ տանտէրը հետաքրքրուի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ցուցադրեցէք, գործածելով՝ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը, Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկը կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը։ Յունուար եւ փետրուար. Աստուած մեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ կամ Ի՞նչ է կեանքին նպատակը. ինչպէ՞ս կրնաք գտնել զայն գրքոյկը։ Երբ վերայցելութիւններ կ’ընէք, ներկայացուցէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը կամ, եթէ անհատին կարիքներուն աւելի յարմար է, Աստուծոյ մտիկ ըրէ կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը, եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Մարտ. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ վերայցելութիւններ կ’ընէք, ներկայացուցէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը կամ, եթէ անհատին կարիքներուն աւելի յարմար է, Աստուծոյ մտիկ ըրէ կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը, եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։
◼ 2014–ի Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, ապրիլ 14–ին։
◼ Այն հրատարակիչները, որոնք 2013–ի մարտ ամիսը օժանդակ ռահվիրայ պիտի ըլլան, պիտի կարենան ընտրել 30 ժամ կամ 50 ժամ աշխատիլ։ Ասկէ զատ, եթէ մարտ ամսուան մէջ շրջանային տեսուչը ժողովքը կ’այցելէ, բոլոր օժանդակ ռահվիրաները հրաւիրուած են կանոնաւոր ռահվիրաներու ամբո՛ղջ ժողովին ներկայ գտնուելու, որ շրջանային տեսուչը կը վարէ։