Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ փետրուար. Աստուած մեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ կամ Ի՞նչ է կեանքին նպատակը. ինչպէ՞ս կրնաք գտնել զայն գրքոյկը։ Երբ վերայցելութիւններ կ’ընէք, ներկայացուցէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը կամ, եթէ անհատին կարիքներուն աւելի յարմար է, Աստուծոյ մտիկ ըրէ կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը, եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Մարտ եւ ապրիլ. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ վերայցելութիւններ կ’ընէք, ներկայացուցէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը կամ, եթէ անհատին կարիքներուն աւելի յարմար է, Աստուծոյ մտիկ ըրէ կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը, եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Մայիս. Հրատարակիչները կրնան հետեւեալ թերթիկներէն մէկը ներկայացնել. Ինչո՛ւ կրնաք Աստուածաշունչին վստահիլ, Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ կամ Ներկայ աշխարհը պիտի վերապրի՞։ Եթէ տանտէրը հետաքրքրուի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ցուցադրեցէք, գործածելով՝ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը, Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկը կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը։
◼ Յիշատակատօնի դասախօսութեան նոր ուրուագիծ մը պատրաստուած է, եւ 2013–էն սկսեալ, Յիշատակատօնի բոլոր դասախօսները զայն պէտք է գործածեն։ Այս տարի, դասախօսութիւնը բնաբան մը ունի, որ է՝ «Քեզի համար Քրիստոսին ըրածը գնահատէ՛»։
◼ 2013–ի Յիշատակատօնի ժամանակաշրջանին, հանրային մասնաւոր դասախօսութեան բնաբանը պիտի ըլլայ՝ «Մահը ամէն բանի վերջ կը դնէ՞»։