Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2013–ի ապրիլ 29–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Քննարկուելիք իւրաքանչիւր կէտի թուականը նշուած է, այնպէս որ կարելի է պրպտում կատարել իւրաքանչիւր շաբաթ, դպրոցի յայտագիրը պատրաստելու ատեն։
1. Յիսուս ի՞նչ կարեւոր յիշեցում մը տուաւ ամուսնութեան մասին, ինչպէս որ արձանագրուած է Մարկոս 10։6-9–ի մէջ։ [Մարտ 4, դ08 2/1 էջ 12 պարբ. 8]
2. Ի՞նչ կը նշանակէ Եհովային բոլոր անձով ծառայել (Մար. 12։30)։ [Մարտ 4, w97 10/15 էջ 13 պարբ. 4]
3. Մարկոս 13։8–ի մէջ նշուած «ցաւեր»ը ի՞նչ են։ [Մարտ 11, դ08 3/1 էջ 21 պարբ. 2]
4. Ղուկաս ի՞նչ աղբիւրներու դիմեց, իր Աւետարանը գրելու ատեն (Ղուկ. 1։3)։ [Մարտ 18, w09 3/15 էջ 32 պարբ. 4]
5. Այն իրողութիւնը, թէ Սատանան «յարմար ժամանակ» մը կը փնտռէ մեր ուղղամտութիւնը փորձի ենթարկելու, մեզ պէտք է մղէ որ ի՞նչ ընենք (Ղուկ. 4։13, ՆԱ)։ [Մարտ 25, դ11 1/1 էջ 25 պարբ. 10]
6. Ինչպէ՞ս պէտք է կիրարկենք Ղուկաս 6։27, 28–ի խօսքերը [Մարտ 25, դ08 5/1 էջ 17, պարբ. 4]
7. Յիսուս ինչո՞ւ կրցաւ կնոջ մը մեղքերը ներել, նախքան որ իր կեանքը որպէս փրկանքի զոհ մատուցանէր (Ղուկ. 7։37, 48)։ [Ապ. 1, w10 8/15 էջ 6-7]
8. Քրիստոսի հետեւորդները ի՞նչ առումով իրենց ազգականները ‘պէտք է ատեն’ (Ղուկ. 14։26)։ [Ապ. 15, դ08 3/1 էջ 12 պարբ. 1. դ92 10/1 էջ 19 պարբ. 3-5]
9. «Արեգակին եւ լուսնին ու աստղերուն վրայ[ի] նշաններ»ը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենան մարդոց վրայ (Ղուկ. 21։25)։ [Ապ. 22, դ97 7/1 էջ 14 պարբ. 8-9]
10. Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսի աղօթելու կերպը ընդօրինակել, յատկապէս, երբ խիստ փորձութիւններ կը դիմագրաւենք (Ղուկ. 22։44)։ [Ապ. 29, դ07 8/1 էջ 4 պարբ. 5]