Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ ապրիլ. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ վերայցելութիւններ կ’ընէք, ներկայացուցէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը կամ, եթէ անհատին կարիքներուն աւելի յարմար է, Աստուծոյ մտիկ ըրէ կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը, եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Մայիս եւ Յունիս. Հրատարակիչները կրնան հետեւեալ թերթիկներէն մէկը ներկայացնել. Ինչո՛ւ կրնաք Աստուածաշունչին վստահիլ, Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ կամ Ներկայ աշխարհը պիտի վերապրի՞։ Եթէ տանտէրը հետաքրքրուի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ցուցադրեցէք, գործածելով՝ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը, Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկը կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը։ Յուլիս. Հրատարակիչներ կրնան հետեւեալ 32 –էջնոց գրքոյկներէն մէկը ներկայացնել. Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր կամ Գոհացուցիչ կեանք՝ ի՛նչպէս ձեռք ձգել, կամ Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ։ Երբ վերայցելութիւններ կ’ընէք, ներկայացուցէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը կամ, եթէ անհատին կարիքներուն աւելի յարմար է, Աստուծոյ մտիկ ըրէ կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը, եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։
◼ Նահանգային համաժողովին նախորդող շաբթուան ժողովի յայտագիրը կարելի է ճշդել, ապրիլ 22–ով սկսող շաբթուան ընթացքին քննարկուած խրատներն ու յիշեցումները վերաքաղ ընելու համար։ Ձեր համաժողովէն մէկ կամ երկու ամիս ետք, տեղական կարիքներ բաժինը կրնայ գործածուիլ համաժողովի ա՛յն կէտերը վերաքաղ ընելու, որոնք հրատարակիչներ օգտակար գտած են ծառայութեան մէջ գործածելու։
◼ Օտար երկրի մը մէջ նահանգային համաժողովի մը ներկայ գտնուելու համար ճամբորդական ի՛նչ անձնական ծրագիրներ ալ ունենաս, օգտակար տեղեկութիւններ պիտի գտնես www.jw.org ցանցակայքին մէջ, ընտրելով «Մեր մասին» բաժնին «Համաժողովներ» կոճակը։