Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2013–ի յունիս 24–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Քննարկուելիք իւրաքանչիւր կէտի թուականը նշուած է, այնպէս որ կարելի է պրպտում կատարել իւրաքանչիւր շաբաթ, դպրոցի յայտագիրը պատրաստելու ատեն։
1. Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ ինչ որ արձանագրուած է Յովհաննէս 3։14, 15–ի մէջ. «Ինչպէս Մովսէս անապատին մէջ օձը բարձրացուց, այնպէս ալ պէտք է որ Որդին մարդոյ բարձրանայ»։ [Մյս. 6, it-1 էջ 505]
2. Քրիստոսի հետեւորդները ե՞րբ իրենց անձերուն մէջ կեանք կը ստանան, կամ կեանքի լիութեան մէջ կը մտնեն (Յովհ. 6։54)։ [Մյս. 13, դ03 10/1 էջ 31 պարբ. 2]
3. Լուսաբանէ թէ Յիսուս իր երկնաւոր Հայրը ինչպէ՛ս բացայայտեց անկատար մարդոց (Յովհ. 8։28)։ [Մյս. 20, դ11 5/1 էջ 7 պարբ. 3]
4. Ի՞նչ կը սորվինք, երբ կը կարդանք թէ Յիսուս «լացաւ» իր բարեկամին՝ Ղազարոսի մահուան վրայ (Յովհ. 11։35)։ [Մյս. 20, դ08 6/1 էջ 12 պարբ. 3-5]
5. Յիսուս ի՞նչ ազդու դաս սորվեցուց, իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով (Յովհ. 13։4, 5)։ [Մյս. 27, w99 3/1 էջ 31 պարբ. 1]
6. Աստուծոյ հոգին ինչպէ՞ս կրնայ մեզի համար ստոյգ ուղեցոյց մը դառնալ (Յովհ. 14։26)։ [Մյս. 27, դ11 12/1 էջ 16-17, պարբ. 9]
7. Յովհաննէս 21։15–ի մէջ «ատոնցմէ» ըսելով, Յիսուս ի՞նչ բանի կ’ակնարկէր, եւ ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։ [Յնս. 3, դ08 4/1 էջ 11 պարբ. 9]
8. Ըստ Գործք 2։44-47–ի եւ Գործք 4։34, 35–ի, լաւ կ’ըլլայ որ քրիստոնեաները ինչպիսի՞ հոգի մը որդեգրեն։ [Յնս. 10, դ08 5/1 էջ 10 պարբ. 5]
9. Գործք 7։58–ի արձանագրութեան մէջ, Ստեփանոս Յիսուսի՞ կ’աղօթէր։ [Յնս. 17, դ08 5/1 էջ 11 պարբ. 3]
10. Ինչպէ՞ս կրնանք Բառնաբասի լաւ օրինակին հետեւիլ, եւ այդպէս ընելով ի՞նչ օգուտներ պիտի քաղենք (Գործք 9։26, 27)։ [Յնս. 24, bt էջ 65 պարբ. 19]