Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ օգոստոս. Հրատարակիչներ կրնան հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն մէկը ներկայացնել. Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր կամ Գոհացուցիչ կեանք՝ ի՛նչպէս ձեռք ձգել, կամ Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ։ Երբ վերայցելութիւններ կ’ընէք, ներկայացուցէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը կամ, եթէ անհատին կարիքներուն աւելի յարմար է, Աստուծոյ մտիկ ըրէ կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը, եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Սեպտեմբեր եւ հոկտեմբեր. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Նոյեմբեր. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը կամ Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը։
◼ 2013–ի հոկտեմբեր 28–ով սկսող շաբաթէն սկսեալ, Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան ընթացքին պիտի ուսումնասիրուի Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն գրքոյկը։ Գրքոյկը լրացնելէ ետք, պիտի ուսումնասիրուի Եհովայի մօտեցիր գիրքը, 2014–ի յունուար 6–ով սկսող շաբաթէն սկսեալ։ Այն ժողովքները, որոնք այս հրատարակութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է իրենց խնդրանքը ներկայացնեն երբ յաջորդ հրատարակութիւններու ապսպրանքը կ’ընեն։
◼ Սեպտեմբերէն սկսեալ, շրջանային տեսուչները պիտի ներկայացնեն հետեւեալ բնաբանով հանրային դասախօսութիւնը՝ «Սէրն ու հաւատքը ինչպէ՛ս աշխարհին կը յաղթեն»։