Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2014–ի փետրուար 24–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։
1. Սատանան Եւան մղեց որ ի՞նչ բանի վրայ կեդրոնանայ, եւ Եւան արգիլուած ծառէն ուտելով ի՞նչ ցոյց տուաւ (Ծն. 3։6): [Յնր. 6, դ11 5/1 էջ 20 պարբ. 5]
2. Աբէլ հաւանաբար ինչպէ՞ս զօրաւոր հաւատք մշակեց, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ (Ծն. 4։4, 5. Եբ. 11։4)։ [Յնր. 6, դ13 1/1 էջ 12 պարբ. 3. էջ 14 պարբ. 4-5]
3. Ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակները պաշտպանել աշխարհիկ ‘զօրաւոր ու անուանի մարդոց’ վրայ հիանալէն (Ծն. 6։4)։ [Յնր. 13, դ13 4/1 էջ 13 պարբ. 2]
4. Ի՞նչ կը սորվինք Ղովտի եւ իր կնոջ պատմութենէն, ինչպէս որ արձանագրուած է Ծննդոց 19։14-17 եւ 26–ին մէջ։ [Յնր. 27, դ03 1/1 էջ 25-26 պարբ. 20]
5. Աբրահամ ինչպէ՞ս հաւատք դրսեւորեց յարութեան եւ Եհովայի խոստումին հանդէպ, թէ Իսահակէն սերունդ մը պիտի գար (Ծն. 22։1-18)։ [Փետր. 3, w09 2/1 էջ 18 պարբ. 4]
6. Ի՞նչ կարեւոր ճշմարտութիւններ կը սորվինք Ծննդոց 25։23–ի մարգարէութենէն, որ կը նշէ թէ «մեծը պիտի ծառայէ պզտիկին»։ [Փետր. 10, w03 10/15 էջ 29 պարբ. 2]
7. Ի՞նչ էր Յակոբի երազին իմաստը «սանդուխ»ի առնչութեամբ, ինչպէս որ կարգ մը թարգմանութիւններ կը կոչեն (Ծն. 28։12, 13)։ [Փետր. 10, դ04 2/1 էջ 25 պարբ. 12]
8. Լաբան ինչո՞ւ շատ մտահոգ էր գողցուած թերափիմը վերստանալու (Ծն. 31։30-35)։ [Փետր. 17, it-2 էջ 186 պարբ. 2]
9. Ի՞նչ կը սորվինք Յակոբի տրուած հրեշտակին պատասխանէն, որ արձանագրուած է Ծննդոց 32։29–ին մէջ։ [Փետր. 24, դ13 8/1 էջ 10]
10. Ի՞նչ կերպով կրնանք խուսափիլ այն հետեւանքներէն, որոնք Դինայի գլխուն եկան (Ծն. 34։1, 2)։ [Փետր. 24, դ01 8/1 էջ 20-21]