Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2014–ի յունիս 30–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։
1. Ժամանց եւ զբօսանք ընտրելու պարագային, Ելից 23։2–ի մէջ արձանագրուած սկզբունքը ինչո՞ւ կարեւոր է։ [Մյս. 5, դ11 7/1 էջ 10-11 պարբ. 3-7]
2. Որքա՞ն լուրջ էր այն պատուէրը, որ կ’ըսէր թէ քահանաները պէտք է լուացուէին Եհովային զոհ մատուցանելէ առաջ, եւ ատիկա ներկայիս Աստուծոյ ծառաներուն ի՞նչ կարեւոր յիշեցում կու տայ (Ել. 30։18-21)։ [Մյս. 19, դ96 10/1 էջ 7 պարբ. 9]
3. Ահարոն ինչո՞ւ չպատժուեցաւ ոսկի հորթը շինելուն համար (Ել. 32։1-8, 25-35)։ [Մյս. 19, դ04 4/1 էջ 31 պարբ. 4]
4. Դարպասումի եւ ամուսնութեան առնչութեամբ քրիստոնեաներուն տեսակէտը ինչպէ՞ս կապուած է իսրայէլացիներուն տուած Աստուծոյ պատուէրին հետ, որ կ’արգիլէր չաստուածներ պաշտող անհատներու հետ ամուսնանալը (Ել. 34։12-16)։ [Մյս. 26, դ90 2/1 էջ 28-29 պարբ. 11-13]
5. Բեսելիէլի եւ Ոողիաբի օրինակը ինչո՞ւ մասնաւորաբար քաջալերական է (Ել. 35։30-35)։ [Մյս. 26, դ10 9/1 էջ 13 պարբ. 13]
6. Իսրայէլի քահանայապետին խոյրին վրայի «սուրբ պսակ»ը կամ «նուիրումի սուրբ նշանը» (ՆԱ) ի՞նչ յիշեցում մըն էր, եւ այս պսակը կամ նշանը նուիրումի մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ (Ել. 39։30)։ [Յնս. 2, դ01 2/1 էջ 14 պարբ. 2-3]
7. Ինչո՞ւ բոլոր քրիստոնեաները հաւատակիցի մը լուրջ յանցագործութիւնը տեղեկացնելու պատասխանատուութիւնը ունին (Ղեւ. 5։1)։ [Յնս. 9, w97 8/15 էջ 27]
8. Իսրայէլի օրերուն, խաղաղութեան զոհերը ի՞նչ կարեւոր դեր կը խաղային, եւ այս կարգադրութիւնը ներկայիս մեզի ի՞նչ կը ներկայացնէ (Ղեւ. 7։31-33) [Յնս. 16, դ12 1/1 էջ 22 պարբ. 11-12]
9. Ահարոնին որդիներուն՝ Նադաբի եւ Աբիուդի մեղքը հաւանաբար ի՞նչ կը պարփակէր, եւ ի՞նչ դասեր կրնանք քաղել անոնց պատմութենէն (Ղեւ. 10։1, 2, 9)։ [Յնս. 23, դ04 6/1 էջ 30 պարբ. 3-5]
10. Ինչո՞ւ ծննդաբերութիւնը կինը «անմաքուր» կը դարձնէր (Ղեւ. 12։2, 5) [Յնս. 23, դ04 6/1 էջ 30 պարբ. 7]