Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ16 Սեպտեմբեր էջ 2
  • Եթէ պզտիկ մը դուռը բանայ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եթէ պզտիկ մը դուռը բանայ
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2016)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակին կ’օգնէ՞ք որ մկրտութեան հասնի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակները սիրով մարզեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Ձեր զաւակները իրենց մանկութենէն մարզեցէք
    Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը
  • Ընտանիքդ ինչպէ՞ս կրնայ ուրախ ըլլալ (Մաս 2)
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2016)
ժտ16 Սեպտեմբեր էջ 2

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Եթէ պզտիկ մը դուռը բանայ

Երկու քոյրեր կը քարոզեն կնոջ մը եւ իր աղջկան

Եթէ պզտիկ մը դուռը բանայ, պէտք է իրմէ խնդրենք որ իր ծնողներուն կանչէ։ Այսպէս, անոնց գլխաւորութեան հանդէպ յարգանք ցոյց տուած կ’ըլլանք (Առ. 6։20)։ Եթէ պզտիկը մեզ ներս հրաւիրէ, պէտք չէ մտնենք։ Եթէ անոր ծնողները տունը չեն, պէտք է ուրիշ անգամ վերադառնանք։

Իսկ եթէ ան տարիքով աւելի մեծ է, թերեւս 14-19 տարեկան, տակաւին լաւ կ’ըլլայ որ անոր ծնողներուն հետ խօսինք։ Բայց եթէ անոնք տունը չեն, թերեւս իրեն հարցնենք թէ արդեօք ծնողքը կը ձգէ՛ որ ինք ընտրէ իր կարդալիքը։ Եթէ այո՛, կրնանք իրեն ներկայացնել հրատարակութիւն մը եւ ուղղել jw.org կայքին։

Եթէ կ’այցելենք պատանիի մը, որ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էր, պէտք է որ անոր ծնողներուն հետ խօսինք։ Ասիկա մեզի թոյլ պիտի տայ որ բացատրենք թէ ինչո՛ւ կը վերայցելենք եւ ցոյց տանք ընտանիքներու ուղղուած Աստուածաշունչի վստահելի խրատները (Սաղ. 119։86, 138)։ Երբ ծնողներուն հանդէպ յարգանք եւ նկատառութիւն ցոյց տանք, լաւ վկայութիւն տուած կ’ըլլանք եւ ասիկա կրնայ առիթ բանալ որ ամբողջ ընտանիքին խօսինք բարի լուրին մասին (Ա. Պետ. 2։12)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել