ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԶԵԿԻԷԼ 32-34
Դէտին ծանր պատասխանատուութիւնը
Դէտերը կամ պահապանները ընդհանրապէս քաղաքին պարիսպներուն եւ աշտարակներուն վրայ կը կենային, որ գալիք վտանգին մասին մարդիկը զգուշացնեն։ Եհովան Եզեկիէլը նշանակեց որ փոխաբերական առումով ‘Իսրայէլի տանը վրայ դէտ’ ըլլայ։
Եզեկիէլը իսրայէլ ժողովուրդը զգուշացուց որ անոնք պիտի բնաջնջուէին, եթէ իրենց սխալ ճամբաներէն ետ չդառնային։
Այսօր, մենք Եհովային ո՞ր պատգամը կը ծանուցանենք։
Զգուշացում տալով, Եզեկիէլ կրնար թէ՛ իր կեանքը եւ թէ ուրիշներուն կեանքը փրկել։
Ի՞նչ բան մեզ պէտք է մղէ որ քարոզենք այն հրատապ պատգամը որ Եհովան մեզի վստահած է։