Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ18 Մայիս էջ 8
  • «Զայն որ Աստուած միաւորեց. . . »

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Զայն որ Աստուած միաւորեց. . . »
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Պատուէ «զայն որ Աստուած միաւորեց»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
ժտ18 Մայիս էջ 8
Տղամարդ մը եւ կին մը իրարու ձեռքը կը բռնեն

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

«Զայն որ Աստուած միաւորեց. . . »

Մովսիսական օրէնքին մէջ ամուսնալուծում ուզող անհատէն կը պահանջուէր, որ օրինական փաստաթուղթ պատրաստէ։ Ատոր նպատակն էր անխոհեմ ամուսնալուծումներու արգելք կենալ։ Բայց Յիսուսի օրերուն, կրօնական առաջնորդները ամուսնալուծումը շատ դիւրացուցած էին։ Տղամարդիկ կրնային իրենց կիներէն ամուսնալուծուիլ որեւէ պատճառի համար (nwtsty սերտելու նոթ՝ Մատ. 19։7 «արձակման թուղթ», եւ nwtsty սերտելու նոթ. Մար. 10։11, անգլերէն)։ Յիսուս ուշադրութեան յանձնեց այն իրողութիւնը, որ Եհովան էր ամուսնութիւնը հաստատողը (Մարկոս 10։2-12)։ Ամուսինն ու կինը «մէկ մարմին» պիտի դառնային. ամուսնութիւնը անոնց միջեւ մնայուն կապ մը պէտք էր ըլլար։ Ամուսնալուծման միակ հիմը՝ ըստ Մատթէոսի զուգահեռ արձանագրութեան, «պոռնկութիւն»ը կամ սեռային անբարոյութիւնն էր (Մատ. 19։9)։

Ներկայիս շատեր ամուսնութիւնը կը դիտեն փարիսեցիներուն տեսանկիւնէն եւ ոչ թէ Յիսուսին տեսանկիւնէն։ Երբ խնդիրներ ծագին, մարդիկ ամուսնալուծուելու կը վազեն։ Մինչդեռ քրիստոնեայ զոյգեր իրենց ամուսնական ուխտը լուրջի կ’առնեն եւ կը ջանան դժուարութիւնները յաղթահարել՝ Սուրբ Գիրքին սկզբունքները գործադրելով։ Սէրն ու յարգանքը ընտանիքը կը միացնեն վիտէոն դիտելէ ետք, այս հարցումներուն պատասխանէ.

  • Աստուածաշունչը կարդալ. ամուսին մը մտիկ կ’ընէ մինչ իր կինը ինքզինք կ’արտայայտէ, պատռուած ամուսնութեան նկար

    Ինչպէ՞ս կրնաս Առակաց 15։1–ը գործադրել ամուսնութեանդ մէջ, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս Առակաց 19։11–ը գործադրելով խնդիրներու առաջքը առնել։

  • Եթէ ամուսնութիւնդ վտանգի տակ է, փոխանակ մտածելու ‘Արդեօք պէտք է ամուսնալուծուի՞մ’, դուն քեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է հարցնես։

  • Մատթէոս 7։12–ը գործադրելով, ինչպէ՞ս կրնաս աւելի լաւ ամուսին մը կամ կին մը ըլլալ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել