ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԳՈՐԾՔ 27-28
Պօղոս նաւով Հռոմ կ’ուղղուի
Պօղոս բնաւ չդադրեցաւ քարոզելէ, հակառակ անոր որ բանտարկեալ էր։ Մինչ նաւուն մէջն էր, ան քարոզեց նաւաստիներուն եւ ճամբորդներուն։ Նաւաբեկութենէն ետք, անկասկած Պօղոս ամէն առիթ օգտագործեց բարի լուրը քարոզելու անոնց՝ որ կը բժշկէր Մելիտէ կղզիին վրայ։ Հռոմ հասնելէն միայն երեք օր ետք, ան իր քով կանչեց Հռոմի մէջ ապրող հրեաներուն գլխաւորները, որ անոնց վկայէ։ Եւ երբ տնային կալանքի տակ էր երկու տարի, Պօղոս քարոզեց բոլոր անոնց՝ որոնք իրեն այցելութեան կու գային։
Ի՞նչ կրնաս ընել որ բարի լուրը քարոզես հակառակ սահմանափակումներուդ։