ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 10-13
Եհովան հաւատարիմ է
Եհովան կրնայ որեւէ փորձութիւն վերցնել։ Բայց շատ անգամ ան «ազատութեան միջոց մը» կու տայ, մեզ զօրացնելով որ կարենանք հաւատարիմ մնալ։
Ան կրնայ իր Խօսքին, սուրբ հոգիին եւ հոգեւոր սնունդին միջոցաւ մեզ քաջալերել ու մխիթարել եւ օգնել որ լաւ մտածենք (Մատ. 24։45. Յովհ. 14։16. Հռով. 15։4)։
Ան մեզ կ’առաջնորդէ սուրբ հոգիին միջոցաւ։ Սուրբ հոգին կրնայ մեզի օգնել Սուրբ Գիրքին պատմութիւնները եւ սկզբունքները յիշելու եւ ետքը իմաստուն քայլեր առնելու (Յովհ. 14։26)։
Ան կրնայ հրեշտակներուն միջոցաւ մեզի օգնել (Եբ. 1։14)։
Ան կրնայ եղբայրներուն ու քոյրերուն միջոցաւ մեզի օգնել (Կող. 4։11)։