ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 18-19
«Բոլոր երկրի Դատաւորը» կը կործանէ Սոդոմն ու Գոմորը
Ի՞նչ կը սորվինք Եհովայէն՝ Սոդոմին ու Գոմորին հետ իր գործառնութիւններուն նկատմամբ։
Եհովան թոյլ պիտի չտայ, որ չարութիւնը յաւիտեան շարունակուի։
Անոնք որոնք Աստուծոյ կամքին ուշադրութիւն կը դարձնեն եւ զայն կը կատարեն, պիտի փրկուին եկող դատաստանէն (Ղուկ. 17։28-30)։
ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘Այս աշխարհի անառակ վարքը կը նեղացնէ՞ զիս’ (Բ. Պետ. 2։7)։ ‘Ամէնօրեայ կեանքս կը ցուցնէ՞, որ Եհովային կամքը կատարելը ամէնէն կարեւոր բանն է ինծի համար’։