Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ22 Մարտ էջ 9
  • «Ինթըրնէթ»ին վրայի ընկերներդ ո՞վ են

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Ինթըրնէթ»ին վրայի ընկերներդ ո՞վ են
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2022)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ընկերային ցանցերու ծուղակներէն զգուշացիր
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
  • Մեր պաշտօնական ցանցակայքը գործածէ՝ անձնական եւ ընտանեկան ուսումնասիրութիւններու համար
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Ընկերներդ իմաստութեամբ զատէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Բարեկամութիւններ պահպանել՝ անսէր աշխարհի մը մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2022)
ժտ22 Մարտ էջ 9

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ինթըրնէթ–ին վրայի ընկերներդ ո՞վ են

Կ’ըսուի որ ընկերը այն անձն է որուն կապուած ես, արժէք կու տաս եւ զայն կը սիրես։ Օրինակ՝ երբ Դաւիթ Գողիաթը մեռցուց, Յովնաթանը եւ Դաւիթը շատ զօրաւոր բարեկամութիւն մը սկսան զարգացնել (Ա. Թագ. 18։1)։ Անոնց ամէն մէկը ունէր յատկութիւններ որ զիրենք իրարու կը սիրցնէր։ Ուրեմն, մէկու մը հետ զօրաւոր բարեկամութիւն մը ունենալու համար պէտք է իրար լաւ ճանչնանք։ Ասիկա ընդհանրապէս ժամանակ կ’առնէ եւ ջանք կ’ուզէ։ Բայց անդին, ընկերային ցանցերու վրայ մարդիկ կրնան մէկ կոճակ կոխելով «ընկեր» ըլլալ մէկու մը հետ։ Մարդիկ ինթըրնէթ–ին վրայ կրնան իրենց ուզածը ըսել եւ իրենց ուզած տպաւորութիւնը տալ մարդոց։ Ասանկով անոնք դիւրութեամբ կրնան ուրիշները խաբել։ Ասոր համար կարեւոր է որ քանի մը կէտեր մեր միտքը պահենք։ Օրինակ՝ եթէ քեզի ծանօթ չեղող անհատ մը ուզէ ինթըրնէթ–ին վրայ ընկերդ ըլլալ, մի՛ վախնար զինք մերժելու, մտածելով որ անոր զգացումները պիտի վիրաւորուին։ Ոմանք բնա՛ւ չեն գործածեր ընկերային ցանցերը, որպէսզի ատոր վտանգներէն հեռու մնան։ Իսկ եթէ դուն ընկերային ցանց մը կը գործածես, ի՞նչ բաներ պէտք է միտքդ պահես։

ԴԻՏԷ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐԸ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՐԾԱԾԷ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • «Ընկերային ցանցերը իմաստութեամբ գործածէ» վիտէոյէն տեսարան մը. աղջիկ մը օդէն կ’իյնայ, երբ հեռատեսիլներուն մէջ կը տեսնէ իր նկարը։

    Ի՞նչ բաներու մասին պէտք է մտածես, առաջ որ բան մը գրես կամ նկար մը դնես ընկերային ցանցին վրայ։

  • «Ընկերային ցանցերը իմաստութեամբ գործածէ» վիտէոյէն տեսարան մը. երկու կոշտ տղամարդեր նկար մը կը ցուցնեն տղայի մը, եւ տղան իր աչքերը կը գոցէ։

    Ինչո՞ւ պէտք է ուշադիր ըլլաս որ ինթըրնէթ–ին վրայ որո՞ւ հետ ընկեր կ’ըլլաս։

  • «Ընկերային ցանցերը իմաստութեամբ գործածէ» վիտէոյէն տեսարան մը. տղայ մը ամբողջ գիշերը «լեփթոփ»ը գործածելէ ետք իր գլուխը ատոր վրայ դրած պառկած է։

    Ինչո՞ւ պէտք է նախապէս որոշես, թէ որքա՛ն ժամանակ պիտի անցընես ընկերային ցանցի մը վրայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել