ՅՈՒՆՈՒԱՐ 8-14
ՅՈԲ 34-35
Երգ 91 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)
1. Երբ գէշ բաներ լաւ մարդոց պատահին
(10 վրկ.)
Յիշէ որ Եհովան բնաւ գէշ բաներ չի պատճառեր (Յոբ 34։10. դհ19.1 8 ¶2)
Թերեւս այնպէս երեւի որ չարերը չեն պատժուիր, բայց Եհովան զանոնք պիտի պատժէ (Յոբ 34։21-26. դ17.04 10 ¶5)
Անարդարութեան զոհ գացողներուն օգնելու լաւագոյն կերպն է՝ Եհովային մասին սորվեցնել անոնց (Յոբ 35։9, 10. Մատ. 28։19, 20. դ21.05 7 ¶19-20)
2. Հոգեւոր գոհարներ
(10 վրկ.)
Յոբ 35։7. Եղիուս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ Յոբին ըսաւ. «[Աստուած] քու ձեռքէդ ի՞նչ կ’առնէ» (դ17.04 29 ¶3)։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։
3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն
(4 վրկ.) Յոբ 35։1-16 (կս դաս 10)
4. Խօսակցութիւն սկսիլ
(3 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Դաս առաջարկէ (մսա դաս 10 կէտ 3)։
5. Խօսակցութիւն սկսիլ
(4 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Պզտիկներ ունեցող անձի մը ցուցուր, որ ինչպէ՛ս կրնայ օգտակար տեղեկութիւններ գտնել jw.org կայքին վրայ (մսա դաս 1 կէտ 4)։
6. Աշակերտել
(5 վրկ.) կվյ դաս 13 կէտ 5 (մսա դաս 11 կէտ 3)։
Երգ 141
7. Փափաքը ունի՞ս որ անպաշտօն կերպով ‘խօսքը քարոզես’
(15 վրկ.). Քննարկութիւն։
Պօղոսը Տիմոթէոսին ըսաւ. «Խօսքը քարոզէ՛, հրատապութեան զգացումով գործիդ պարապէ՛» (Բ. Տիմ. 4։2, ՆԱ)։ Յունարէն բայը, որ կը թարգմանուի «հրատապութեան զգացումով գործիդ պարապէ՛», երբեմն կը գործածուէր խօսելու համար զինուորի մը կամ պահակի մը մասին, որ իր նշանակումին մէջ միշտ կազմ ու պատրաստ էր։ Այս արտայայտութիւնը շատ լաւ կերպով կը նկարագրէ մեր փափաքը որ միշտ պատրաստ ըլլանք վկայելու, երբ մարդոց հետ կը խօսինք։
Եհովային հանդէպ մեր սէրը եւ իր ըրած բոլոր բաներուն հանդէպ մեր գնահատանքը մեզ կը մղեն, որ իր հոյակապ յատկութիւններուն մասին խօսինք։
Կարդա՛ Սաղմոս 71։8. Ետքը, ներկաներուն հարցուր.
Եհովային մասին ի՞նչ կ’ուզես պատմել ուրիշներուն։
Մարդոց հանդէպ մեր սէրն ալ մեզ կը մղէ, որ անպաշտօն կերպով վկայենք։
Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Ինչպէ՛ս հարիւրաւորներ ճշմարտութիւնը գտան։ Ետքը, ներկաներուն հարցուր.
Անպաշտօն վկայութիւնը ինչպէ՞ս հարիւրաւորներու օգնեց, որ ճշմարտութիւնը գտնեն։
Եկեղեցիի այս նախկին անդամները ճշմարտութիւնը սորվելով ինչպէ՞ս օգտուեցան։
Մարդոց հանդէպ մեր սէրը ինչպէ՞ս մեր մէջ փափաք կ’արթնցնէ անպաշտօն կերպով վկայելու անոնց։
Ինչո՞ւ կը կարծես որ անպաշտօն վկայութիւնը կարեւոր կերպ է մարդոց օգնելու, որ Եհովան ճանչնան։
8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
(30 վրկ.) եպվ-ԱՐ դաս 4 ¶1-9, դասին վիտէոն եւ 4Ա շրջանակը։