Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ24 Յունուար էջ 6-7
  • Յունուար 22-28

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յունուար 22-28
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2024)
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2024)
ժտ24 Յունուար էջ 6-7

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 22-28

ՅՈԲ 38-39

Երգ 15 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

1. Ժամանակ կը տրամադրե՞ս ստեղծագործութիւնը դիտելու

(10 վրկ.)

Երկիրը ստեղծելէն ետք, Եհովան ժամանակ տրամադրեց որ իր ըրածներուն վրայ խոկայ (Ծն. 1։10, 12, 13. Յոբ 38։5, 6. դ21.08 9 ¶7)

Հրեշտակները ժամանակ տրամադրեցին, որ Եհովային ստեղծագործութիւնը դիտեն (Յոբ 38։7. դ20.08 14 ¶2)

Երբ ժամանակ տրամադրենք որ ստեղծագործութիւնը դիտենք, Եհովային հանդէպ մեր վստահութիւնը կ’աւելնայ (Յոբ 38։32-35. դ23.03 17 ¶8)

Մայր մը իր պզտիկ աղջիկին հետ թիթեռնիկ մը կը դիտէ իրենց տան դուրսը։

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Յոբ 38։8-10. Այս համարները մեզի ի՞նչ կը սորվեցնեն Եհովային մասին որպէս մեր Օրէնսդիրը (խա-2-ԱՐ «Օրէնսդիր»)։

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

(4 վրկ.) Յոբ 39։1-22 (կս դաս 5)

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(2 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Ազնուութեամբ վերջացուր խօսակցութիւնը, եթէ զգաս որ անձը չ’ուզեր խօսիլ (մսա դաս 2 կէտ 3)։

5. Վերայցելել

(5 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Անցեալ անգամ, անձը քեզի ըսած էր որ իրեն սիրելի եղող մէկը մահացած էր (մսա դաս 9 կէտ 3)։

6. Դասախօսութիւն

(5 վրկ.) մսա յաւելեալ մաս 1 կէտ 1. Նիւթ՝ Հիմակուան գէշ դէպքերը եւ մարդոց կեցուածքը ցոյց կու տան, որ մօտ օրէն փոփոխութիւններ պիտի ըլլան (կս դաս 16)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 75

7. Ստեղծագործութիւնը դիտելը մեզի կ’օգնէ որ մենք մեր վրայ չկեդրոնանանք

(15 վրկ.). Քննարկութիւն։

Յոբ կը մտածէ Եհովայի ստեղծած կարգ մը հիանալի կենդանիներուն մասին, օրինակ՝ գետաձին, արագիլը, ջայլամը, կոկորդիլոսը, արծիւը, ձին եւ վայրի ցուլը։ Փոթորիկ մը ելած է եւ Եղիուսն ու երեք սուտ մխիթարիչները Յոբին մօտ նստած են։

Երբ Սատանան Յոբին գլխուն փորձանքներ կը բերէր եւ իր երեք բարեկամները գէշ բաներ կ’ըսէին իրեն, Յոբ ընկղմեցաւ քննադատութիւններուն եւ իր խնդիրներուն մէջ։

Կարդա՛ Յոբ 37։14։ Ետքը, ներկաներուն հարցուր.

Յոբ ի՞նչ պէտք էր ընէր, որ իր առաջուան հոգեւոր վիճակին դառնար։

Երբ նեղութիւններու մէջ ընկղմած զգանք, ստեղծագործութիւնը դիտելը մեզի կ’օգնէ, որ յիշենք Եհովային զօրութիւնը, աւելի ուզենք հաւատարիմ մնալ եւ աւելի վստահ ըլլանք որ Եհովան հոգ պիտի տանի մեզի (Մատ. 6։26)։

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Յոբ գիրքէն դասեր. Անասունները։ Ետքը, ներկաներուն հարցուր.

Այս վիտէոն ինչպէ՞ս վստահութիւնդ աւելցուց Եհովային հանդէպ։

8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

(30 վրկ.) եպվ-ԱՐ Մաս 2, դաս 5 ¶1-8, դասին վիտէոն։

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 31 եւ աղօթք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել