Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ24 Մայիս էջ 2-3
  • Մայիս 6-12

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մայիս 6-12
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2024)
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2024)
ժտ24 Մայիս էջ 2-3

ՄԱՅԻՍ 6-12

ՍԱՂՄՈՍ 36-37

Երգ 119 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

1. «Չարերուն համար մի՛ նեղանար»

(10 վրկ.)

Չար մարդիկը մեզի ցաւ եւ չարչարանք կը պատճառեն (Սաղ. 36։1-4. դ17.04 10 ¶4)

«Չարերուն» հանդէպ բարկացած մնալն ալ մեզի կը վնասէ (Սաղ. 37։1, 7, 8. դ22.06 10 ¶10)

Եհովային խոստումներուն վստահիլը մեզի խաղաղութիւն կու տայ (Սաղ. 37։10, 11. դ03 12/1 25 ¶20)

Մտահոգ քոյր մը իր սմարթֆոնէն լուրերը կը կարդայ։ Ան կը տեսնէ նկարներ՝ բարկացած մարդոց, որոնք ցոյց կ’ընեն, ոստիկանի մը որ կաշառք կ’առնէ, զինուորներու՝ որոնք կը կրակեն, զինեալի մը՝ որ կառատունի մը մէջ է, խումբ մը կողոպտիչներու՝ որոնք գողցուած ապրանքներ կը շալկեն, քաղաքային խռովութեան, խումբ մը մարդոց, որոնք ինքնաշարժի արկածի մը առջեւ կեցած են։

ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘Արդեօք շատ կը դիտե՞մ լուրեր, որոնց մէջ վայրագ տեսարաններ կ’անցնին’։

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Սաղ. 36։6. Սաղմոս գրողը ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ թէ Եհովային արդարութիւնը «հզօր լեռներու պէս է» (խա-2-ԱՐ «Լեռ»)։

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

(4 վրկ.) Սաղ. 37։1-26 (կս դաս 10)

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(3 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ (մսա դաս 1 կէտ 5)։

5. Վերայցելել

(4 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկէ անձի մը, որ անցեալին մերժած էր սերտել (մսա դաս 9 կէտ 4)։

6. Դասախօսութիւն

(5 վրկ.) կահբ 45-ԱՐ։ Նիւթ՝ Սաղմոս 37։4–ին իմաստը ի՞նչ է (կս դաս 13)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 38

7. «Նեղութեան ժամանակներ»ու պատրա՞ստ ես

(15 վրկ.) Քննարկութիւն։

Այսօր, բնական եւ մարդակերտ աղէտներու պատճառով, ամբողջ աշխարհին մէջ, մեր եղբայրները եւ քոյրերը կորսնցուցած են թէ՛ նիւթական բաներ եւ թէ իրենց սիրելիները (Սաղ. 9։9, 10)։ Ցաւօք սրտի, կրնայ ըլլալ որ մենք ալ «նեղութեան ժամանակներ»է անցնինք, անոր համար պէտք է պատրաստ ըլլանք։

Գործնական գետնի վրայ պատրաստուելէ զատa, ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ աղէտի մը հետ գլուխ ելլենք։

  • Մտային գետնի վրայ պատրաստ եղիր։ Ընդունէ որ աղէտներ կը պատահին, եւ նկատի առ թէ ի՛նչ կրնաս ընել, երբ որոշ աղէտ մը պատահի։ Չափէ դուրս մի՛ կապուիր ունեցած–չունեցածիդ։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ, որ իմաստուն կերպով վարուիս եւ կեդրոնանաս քու եւ ուրիշին կեանքը ազատելու վրայ, քան թէ՝ նիւթական բաներդ ազատելու վրայ (Ծն. 19։16. Սաղ. 36։9)։ Ասկէ զատ, եթէ չափէ դուրս չես կապուած քու ունեցած–չունեցածիդ, քեզի համար դիւրին պիտի ըլլայ, որ աղէտի մը ժամանակ ատոնք կորսնցնելուն հետ գլուխ ելլես (Սաղ. 37։19)։

  • Հոգեւոր գետնի վրայ պատրաստ եղիր։ Վստահ եղիր որ Եհովան կարո՛ղ է եւ կը փափաքի՛ քեզի հոգ տանիլ (Սաղ. 37։18)։ Աղէտէ մը առաջ, միշտ դուն քեզի յիշեցուր որ Եհովան իր ծառաները պիտի առաջնորդէ եւ օգնէ, նոյնիսկ եթէ միայն մեր կեանքը ազատենք «աւարի մը պէս» (Եր. 45։5. Սաղ. 37։23, 24)։

Երբ մեր միտքը պահենք որ Եհովան իր խոստումները պիտի կատարէ, ‘նեղութեան ժամանակ զինք մեր ապաւէնը կը դարձնենք’ (Սաղ. 37։39)։

«Աղէտի մը պատրա՞ստ ես» վիտէոյէն տեսարաններ։ 1. Եղբայր մը Սուրբ Գիրքը կը կարդայ։ 2. Ցունամիի ալիքներ։ 3. Փոթորկային ամպեր։ 4. Մարդիկ որոնք իրենց ապրանքները կը շալկեն հեղեղի մէջէն։

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ Աղէտի մը պատրա՞ստ ես։ Ետքը ներկաներուն հարցուր.

  • Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել աղէտի մը ժամանակ։

  • Ի՞նչ կրնանք ընել որ պատրաստ ըլլանք։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել աղէտներէ տուժածներուն։

ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏ

  • Երբ Սուրբ Գիրքը կը կարդաս եւ կը սերտես, նկատի առ թէ ո՛ր համարները կրնաս գործածել դուն քեզ եւ ուրիշները մխիթարելու համար։ Թերեւս օգտակար գտնես այդ համարները JW Library® էփին մէջ պահել (կամ՝ tag ընել)։ Օրինակ, համարներու ցանկ մը տեսնելու համար, տե՛ս «Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ բնական աղէտներուն մասին» յօդուածը՝ jw.org կայքին վրայ (արաբ.)։

8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

(30 վրկ.) եպվ-ԱՐ դաս 9 ¶10-17։

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 44 եւ աղօթք

a Տե՛ս Զարթի՛ր 2017–ի թիւ 5, էջ 4-6 (արաբ.)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել