Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ24 Մայիս էջ 6-7
  • Մայիս 27–⁠Յունիս 2

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մայիս 27–⁠Յունիս 2
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2024)
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2024)
ժտ24 Մայիս էջ 6-7

ՄԱՅԻՍ 27–ՅՈՒՆԻՍ 2

ՍԱՂՄՈՍ 42-44

Երգ 117 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

1. Աստուծոյ ուղղութիւնները գործադրէ

(10 վրկ.)

Եհովան ուրիշներուն հետ պաշտէ, եթէ կարելի է՝ երես–երեսի (Սաղ. 42։4, 5. դ06 6/1 19 ¶4)

Աստուծոյ Խօսքը սերտելէ առաջ՝ աղօթէ (Սաղ. 42։8. դ12-ԱՐ 1/15 15 ¶2)

Ձգէ որ Աստուածաշունչը կեանքդ ուղղէ ամէն բանի մէջ (Սաղ. 43։3)

 Համաժողովի մը ընթացքին, քոյրեր ուշի–ուշով մտիկ կ’ընեն եւ նոթեր կ’առնեն։

Աստուծոյ ուղղութիւնները մեզ կը զօրացնեն, որ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլենք եւ Եհովային յաւիտեան ծառայելու մեր խոստումը պահենք (Ա. Պետ. 5։10. դ16.09 5 ¶11-12)։

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Սաղ. 44։19. «Չագալներուն եղած տեղը» թերեւս ինչի՞ կ’ակնարկէ (խա-1-ԱՐ «Չագալ»)։

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

(4 վրկ.) Սաղ. 44։1-26 (կս դաս 11)

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(4 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկէ (մսա դաս 5 կէտ 5)։

5. Վերայցելել

(5 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Անձը յաջորդ հանրային դասախօսութեան հրաւիրէ։ Ներկայացուր Թագաւորութեան սրահին մէջ ի՞նչ կ’ըլլայ վիտէոն (մսա դաս 7 կէտ 5)։

6. Դասախօսութիւն

(3 վրկ.) մսա յաւելեալ մաս 1 կէտ 4։ Նիւթ՝ Ամէն մարդ կատարեալ առողջութիւն պիտի ունենայ (կս դաս 2)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 40

7. Գործի եւ ուսումի նկատմամբ իմաստուն որոշումներ առ

(15 վրկ.) Քննարկութիւն։

Երիտասարդ եղբայր մը Սուրբ Գիրքը կը կարդայ եւ կը խոկայ թէ ինչ պիտի ընէ բարձրագոյն վարժարանը աւարտելէ ետք։ 1. Ան կը խօսի դպրոցին խրատատուին հետ։ 2.Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը կ’երթայ։ 3. Ան կը քարոզէ օտարախօս դաշտի մը մէջ։

Պատանիներ, կը մտածէ՞ք թէ ի՛նչ պիտի ընէք բարձրագոյն վարժարանը աւարտելէ ետք։ Կրնայ ըլլալ որ ձեր մտքին մէջ դրած էք գործ մը, որ ձեզի պիտի օգնէ ռահվիրայ ըլլալու։ Կամ թերեւս կը մտածէք առնել յաւելեալ դասընթացքներ, որոնք կրնան ձեզի տալ ձիրքեր, վկայական կամ ալ գործի արտօնագիր մը, որ կարենաք այդ տեսակ գործ գտնել։ Ասիկա հետաքրքրական ժամանակ մըն է ձեզի համար։ Բայց, թերեւս զգաք որ շուարած էք թէ ինչ ընէք քանի որ ձեր առջեւ շատ հաւանականութիւններ կան, կամ ալ ճնշումի տակ էք որ ձեր որոշումը ամէնուն պիտի ուրախացնէ՞։ Ի՞նչը կրնայ ձեզի օգնել որ իմաստուն որոշումներ առնէք։

Կարդա՛ Մատթէոս 6։32, 33։ Ետքը ներկաներուն հարցուր.

  • Ինչո՞ւ կարեւոր է որ մեր մտքին մէջ յստակ հոգեւոր նպատակակէտեր ունենանք, առա՛ջ որ կարեւոր որոշումներ առնենք գործի եւ ուսումի նկատմամբ։

  • Ծնողները ինչպէ՞ս իրենց զաւակներուն կ’օգնեն, որ Մատթէոս 6։32, 33–ը գործադրեն (Սաղ. 78։4-7)։

Ուշադիր եղիր որ դրամական կայուն վիճակ ունենալու կամ երեւելի մէկը դառնալու փափաքդ առնելիք որոշումներուդ չազդէ (Ա. Յովհ. 2։15, 17)։ Յիշէ որ շատ դրամ ունենալը դժուար կը դարձնէ որ մէկը Թագաւորութեան բարի լուրը ընդունի (Ղուկ. 18։24-27)։ Հարստանալու ետեւէ ըլլալը կը դժուարացնէ զօրաւոր հաւատք ունենալը եւ Եհովան հաճեցնելը (Մատ. 6։24. Մար. 8։36)։

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ «Մի՛ վստահիք բաներու, որոնք ‘կ’իյնան’. Հարստութիւն»։ Ետքը, ներկաներուն հարցուր.

  • Առակաց 23։4, 5–ը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել որ իմաստուն որոշումներ առնես։

ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

  • Դիր նպատակակէտեր, որոնց կրնաս հասնիլ կարճ ժամանակուան մէջ եւ ուրիշ նպատակակէտեր, որոնց հասնիլը աւելի երկար ժամանակ կ’ուզէ

  • Վստահ եղիր որ ուսումի եւ ապագայ գործի նկատմամբ ըրած ընտրութիւններդ դժուար պիտի չդարձնեն որ հոգեւոր նպատակակէտերուդ հասնիս

  • Գործնական բան մը զատէ եւ տարբեր–տարբեր ընտրութիւններ հաշուի առ։ Եթէ որոշես յաւելեալ մարզում կամ ուսում մը առնել, վստահ եղիր որ կ’ընտրես գործ մը, որ պէտքերդ բաւարար կերպով կը հոգայ

8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

(30 վրկ.) եպվ-ԱՐ դաս 9 ¶33-39 եւ 9Ե տուփը։

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 19 եւ աղօթք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել