Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ24 Սեպտեմբեր էջ 2-3
  • Սեպտեմբեր 2-8

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Սեպտեմբեր 2-8
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2024)
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2024)
ժտ24 Սեպտեմբեր էջ 2-3

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2-8

ՍԱՂՄՈՍ 79-81

Երգ 34 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

1. Եհովային փառաւոր անուան հանդէպ սէր ցոյց տուր

(10 վրկ.)

Մի՛ ըներ բաներ, որոնք Եհովան կ’անարգեն (Սաղ. 79։9. դ17.02 9 ¶5)

Եհովային անունը կանչէ (Սաղ. 80։18. կահբ-ԱՐ 3 ¶4-5)

Եհովան առատօրէն պիտի վարձատրէ իրեն հնազանդողները եւ իր անունը սիրողները (Սաղ. 81։13, 16)

Եղբայր մը դադարի ժամանակ jw.org կայքի քարտը ցոյց կու տայ գործակիցի մը։

Մեր վարքը Եհովային անուան փառք բերելու համար, պէտք է ուրիշներուն գիտցնենք որ մենք իր Վկաներն ենք

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Սաղ. 80։1. Ինչո՞ւ երբեմն Յովսէփին անունը կը գործածուէր իսրայէլի բոլոր ցեղերուն ակնարկելու համար (խա-2-ԱՐ «Յովսէփ»)։

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

(4 վրկ.) Սաղ. 79։1–80։7 (կս դաս 10)

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(1 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Դաս առաջարկէ (մսա դաս 4 կէտ 4)։

5. Խօսակցութիւն սկսիլ

(3 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Դաս առաջարկէ (մսա դաս 4 կէտ 3)։

6. Խօսակցութիւն սկսիլ

(2 վրկ.) ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Դաս առաջարկէ (մսա դաս 3 կէտ 3)։

7. Վերայցելել

(5 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Դաս առաջարկէ հետաքրքրուած անձի մը, որ անցեալին մերժած էր սերտել (մսա դաս 8 կէտ 3)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 9

8. «Իմ անունս պիտի սրբացնեն»

(15 վրկ.) Քննարկութիւն։

Սատանան սկսաւ Եհովային անունը զրպարտել Եդեմի պարտէզին մէջ։ Անկէ ի վեր, մարդիկ եւ հրեշտակները պէտք էր որոշէին, թէ Եհովային անունը պիտի սրբացնե՛ն կամ ոչ։

Նկատի առ թէ Սատանան ի՛նչ գէշ սուտեր տարածած է Եհովային մասին։ Ան Եհովան կ’ամբաստանէ, ըսելով որ անգութ կառավարիչ է (Ծն. 3։1-6. Յոբ 4։18, 19)։ Ասկէ զատ, Սատանան կ’ըսէ որ Եհովային ծառաները իրականութեան մէջ զինք չեն սիրեր (Յոբ 2։4, 5)։ Ան նոյնիսկ միլիոնաւորներ համոզած է, որ մեր շուրջի գեղեցիկ բնութեան Ստեղծիչը Եհովան չէ (Հռով. 1։20, 21)։

Այս սուտերը լսելով ի՞նչ կը զգաս։ Վստահաբար, կ’ուզես Եհովան պաշտպանել։ Ան գիտէր որ իր ժողովուրդը պիտի ուզէր իր անունը սրբացնել (համեմատէ՛ Եսայի 29։23, ՆԱ)։ Ինչպէ՞ս կրնաս ասիկա ընել։

  • Ուրիշներուն օգնէ որ Եհովան ճանչնան եւ սիրեն (Յովհ. 17։25, 26)։ Պատրաստ եղիր փաստելու որ ան գոյութիւն ունի եւ ուրիշներուն սորվեցնելու իր հոյակապ յատկութիւններուն մասին (Եսա. 63։7)։

  • Եհովան սիրէ «քու բոլոր սրտովդ» (Մատ. 22։37, 38)։ Եհովային պատուէրներուն հնազանդէ, ոչ միայն քանի որ անոնք քեզի համար օգտակար են, հապա քանի որ կ’ուզես Եհովան ուրախացնել (Առ. 27։11)։

Տեսարաններ՝ «Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար, հակառակ... Դպրոցի անբարեպաշտ միջավայրին» վիտէոյէն։ 1. Մինչ Էրիըլը դասարանը նստած է, իր դասընկերը իրենց ցոյց տալով, կը հարցնէ որ ան ինչո՛ւ դրօշակին բարեւ չի տար։ 2. Էրիըլ կը սերտէ գործածելով Աստուածաշունչը եւ «Աստուածաշունչի պատմութիւններէն սորվէ» գիրքին 61–րդ դասը։ 3. Ան դասարանին առջեւ կը կենայ եւ վկայութիւն կու տայ։ 4. Գործակից մը Տիէկոյին կը հրամցնէ ելեկտրոնային սիկարէթ մը։ 5. Տիէկոն իր թապլեթը գործածելով փնտռտուք կ’ընէ։ 6. Տիէկոն ինքնավստահութեամբ եւ ժպտալով դպրոցէն կը հեռանայ։

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար, հակառակ. . . Դպրոցի անբարեպաշտ միջավայրին։ Ետքը, հարցուր.

  • Էրիըլը եւ Տիէկոն ինչպէ՞ս Եհովային անունը սրբացուցին։

  • Անոնք ինչո՞ւ ուզեցին Եհովան պաշտպանել։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս իրենց օրինակին հետեւիլ։

9. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

(30 վրկ.) եպվ-ԱՐ դաս 14 ¶8-14 եւ 13Ա տուփը։

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 69 եւ աղօթք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել