Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ24 Սեպտեմբեր էջ 10-11
  • Հոկտեմբեր 7-13

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հոկտեմբեր 7-13
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2024)
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2024)
ժտ24 Սեպտեմբեր էջ 10-11

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 7-13

ՍԱՂՄՈՍ 92-95

Երգ 150 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

1. Եհովային ծառայելը լաւագո՛յն ապրելակերպն է

(10 վրկ.)

Եհովան մեր պաշտամունքին արժանի է (Սաղ. 92։1, 4. դ18.04 26 ¶5)

Եհովան իր ժողովուրդին կ’օգնէ, որ որոշումներ առնեն եւ ուրախ ըլլան (Սաղ. 92։5. դ18.11 20 ¶8)

Եհովան կ’արժեւորէ իրեն ծառայողները, նոյնիսկ երբ անոնք տարեց են (Սաղ. 92։12-15. դ20.01 19 ¶18)

1. Երիտասարդուհի մը կ’աղօթէ։ 2. Ան կը մկրտուի։

ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘Ի՞նչը ինծի արգելք կը դառնայ, որ Եհովային նուիրուիմ եւ մկրտուիմ’։

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Սաղ. 92։5. Ինչո՞ւ այս խօսքերը շատ լաւ կերպով կը նկարագրեն Եհովային իմաստութիւնը (եմօ-ԱՐ 176 ¶18)։

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

(4 վրկ.) Սաղ. 94։1-23 (կս դաս 5)

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(4 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Անձին հետ խօսած ատենդ, առիթ գտիր իրեն պատմելու քու գործիդ մասին որպէս Աստուածաշունչի ուսուցիչ (մսա դաս 5 կէտ 3)։

5. Վերայցելել

(3 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Դաս առաջարկէ մէկու մը, որ անցեալին մերժած էր սերտել (մսա դաս 8 կէտ 4)։

6. Աշակերտել

(5 վրկ.) Քննարկութիւն Աստուածաշունչի աշակերտի մը հետ, որ չի յառաջդիմեր (մսա դաս 12 կէտ 5)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 110

7. Երբ պատանիները շատ մտահոգութիւններ ունենան

(15 վրկ.) Քննարկութիւն։

Պատանուհի մը գետինը նստած է եւ անյոյս կ’երեւի։

Եհովային ծառաներն ալ ուրիշներուն պէս մտահոգութիւններ ունին։ Օրինակ, Դաւիթ իր կեանքի տարբեր–տարբեր ժամանակներուն մտահոգութիւններ ունեցաւ։ Նոյնն է պարագան այսօր մեր եղբայրներուն (Սաղ. 13։2)։ Ցաւօք սրտի, նոյնիսկ պատանիները մտահոգութիւններ ունին։ Երբեմն, երբ մտահոգ ըլլանք, օրուան ընթացքին մեր ընելիք բաները ինչպէս՝ դպրոց կամ ժողովներու երթալը, կրնան մեր աչքին մեծ երեւիլ։ Մտահոգութիւնը նոյնիսկ կրնայ պատճառ ըլլալ որ մէկը յանկարծական սարսափ ունենայ (panic attack) կամ ալ անձնասպան ըլլալու մասին մտածէ։

Ո՛վ պատանիներ, երբ զգաք որ մտահոգութիւններու տակ թաղուած էք, ձեր սիրտը բացէք ձեր ծնողքին կամ հասուն քրիստոնեայի մը։ Ասկէ զատ, աղօթքով Եհովային դիմեցէք (Փլպ. 4։6)։ Ան ձեզի պիտի օգնէ (Սաղ. 94։17-19. Եսա. 41։10)։ Նկատի առէք Սթէյնկին օրինակը։

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Եհովան ինծի հոգ տարաւ։ Ետքը հարցուր.

• Սուրբ Գիրքի ո՞ր համարը Սթէյնկին օգնեց եւ ինչո՞ւ։

• Եհովան ինչպէ՞ս իրեն հոգ տարաւ։

Նախապէս նկարին մէջ երեւցած աղջիկը իր զգացումները կ’արտայայտէ իր ծնողներուն։ Իր ծնողները ուշի–ուշով իրեն մտիկ կ’ընեն։

Ո՛վ ծնողներ, կրնաք ձեր պզտիկներուն օգնել որ իրենց մտահոգութիւններուն հետ գլուխ ելլեն, իրենց համբերութեամբ մտիկ ընելով, իրենց ձեր սէրը արտայայտելով եւ իրենց օգնելով որ Եհովային սիրոյն վստահին (Տիտ. 2։4. Յակ. 1։19)։ Դուք ալ վստահ եղէք, թէ Եհովան ձեզի պէտք եղած մխիթարութիւնը եւ ուժը պիտի տայ, որպէսզի կարենաք ձեր պզտիկներուն օգնել։

Թերեւս չենք գիտեր թէ ժողովքին մէջ որո՛նք ծայրայեղ մտահոգութեան դէմ կը պայքարին կամ ալ թերեւս չենք կրնար անոնց զգացումները հասկնալ։ Բայց եւ այնպէս, կրնանք ժողովքին մէջ կարեւոր դեր խաղալ, երբ բոլորին զգացնել տանք որ սիրուած եւ ընդունուած են (Առ. 12։25. Եբ. 10։24)։

8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

(30 վրկ.) եպվ-ԱՐ դաս 15 ¶15-17 եւ 15Ա տուփը։

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 32 եւ աղօթք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել