Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ24 Սեպտեմբեր էջ 14-15
  • Հոկտեմբեր 28–Նոյեմբեր 3

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հոկտեմբեր 28–Նոյեմբեր 3
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2024)
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2024)
ժտ24 Սեպտեմբեր էջ 14-15

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 28–ՆՈՅԵՄԲԵՐ 3

ՍԱՂՄՈՍ 103-104

Երգ 91 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

1. Ան «կը յիշէ թէ մենք հող ենք»

(10 վրկ.)

Քանի՛ որ Եհովան կարեկից է, ան մեզի հետ ճկուն է (Սաղ. 103։8. դ23.07 21 ¶5)

Երբ սխալինք, մեզի կռնակ չի դարձներ (Սաղ. 103։9, 10. դ23.09 6-7 ¶16-18)

Մեր կարողութենէն աւելի բաներ չ’ակնկալեր մեզմէ (Սաղ. 103։14. դ23.05 26 ¶2)

Ամուսին մը ուշի–ուշով մտիկ կ’ընէ իր կնոջ, մինչ ան իր զգացումները կ’արտայայտէ իրեն։

ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘Արդեօք Եհովան կ’ընդօրինակե՞մ եւ կողակիցիս հետ ճկունութեամբ կը վարուի՞մ’։

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Սաղ. 104։24. Այս համարէն ի՞նչ կը սորվիմ՝ նոր եւ տարբեր բաներ ստեղծելու Եհովային կարողութեան մասին (եմօ-ԱՐ 55 ¶18)։

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

(4 վրկ.) Սաղ. 104։1-24 (կս դաս 11)

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(3 վրկ.) ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ (մսա դաս 3 կէտ 4)։

5. Վերայցելել

(4 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Քննարկէ Սուրբ Գիրքի դասընթացքը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ վիտէոն անձի մը հետ, որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն ընդունեց (կս դաս 9)։

6. Դասախօսութիւն

(5 վրկ.) մսա յաւելեալ մաս 1 կէտ 6. Նիւթ՝ Ամուսին մը պէտք է «իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը» (կս դաս 1)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 68

7. Սահմանափակումներդ գիտե՞ս

(15 վրկ.) Քննարկութիւն։

Երբ Եհովային մեր լաւագոյնը տանք, թէ ի՛նք կ’ուրախանայ եւ թէ մե՛նք կ’ուրախանանք (Սաղ. 73։28)։ Բայց երբ փորձենք մեր լաւագոյնը տալ, առա՛նց մեր սահմանափակումները հաշուի առնելու, կրնանք անտեղիօրէն մտահոգուիլ եւ յուսախաբ ըլլալ։

«Տրամաբանական ակնկալութիւններ ունենալով՝ կրնանք աւելի՛ տալ» վիտէոյին մէջի երիտասարդ քոյրը։

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Տրամաբանական ակնկալութիւններ ունենալով՝ կրնանք աւելի՛ տալ։ Ետքը հարցուր.

  • Եհովան մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ (Միք. 6։8)։

  • «Տրամաբանական ակնկալութիւններ ունենալով՝ կրնանք աւելի՛ տալ» վիտէոյէն տեսարան մը։ Սրճարանի մը մէջ, երիտասարդ քոյրը եւ իր ընկերուհին Աստուածաշունչի աշակերտ մը կը քաջալերեն։
  • Ի՞նչը քրոջ օգնեց որ շատ չմտահոգուի իր նպատակակէտին հասնելու նկատմամբ։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՄԵՐ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ԳԻՏՆԱԼ

  • Դուն քեզ ուրիշներուն հետ մի՛ բաղդատեր (Գաղ. 6։4)։ Մի՛ ձգեր որ ուրիշներուն ըրածները որոշեն թէ ի՛նչ ընես կամ թէ ի՛նչ կարծես որ կրնաս ընել։ Թերեւս դուն կրնաս աւելի կամ պակաս բաներ ընել, քան մէկը՝ որ քու տարիքիդ է կամ ընտանեկան նոյն պարագաները ունի։

  • Մի՛ ձգեր որ վախը քեզ ետ պահէ նոր բաներ փորձելէ (Հռով. 12։1. Ա. Կոր. 7։31)։ Մի՛ վախնար փորձելու ծառայութեան նոր երեսակ մը, որ սկիզբը կրնայ անհասանելի կամ անհաճելի երեւիլ (Մաղ. 3։10)։

  • Փորձէ տեսնել թէ ի՛նչ կրնաս ընել՝ պզտիկ նպատակակէտեր դնելով։ Օրինակ, տես թէ արդեօք կրնա՞ս կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալ։ Քանի մը ամիս, փորձէ աւելի երկար ժամեր ծառայել կամ ալ փորձէ օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ։ Կրնա՞ս փորձել մէկ տարի կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալ։ Նոյնիսկ եթէ այն եզրակացութեան գաս, որ չես կրնար կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալ կամ այդ ծառայութեան մէջ մնալ մէկ տարիէն աւելի, պիտի ուրախանաս որ փորձեցիր այդ պզտիկ նպատակակէտերուն հասնիլ (Ժող. 6։9)։

  • Պատրաստ եղիր յարմարելու։ Մեր պարագաները կը փոխուին եւ նոյնպէս՝ մեր սահմանափակումները։ Անոր համար, միշտ աչքէ անցուր նպատակակէտերդ։

8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

(30 վրկ.) եպվ-ԱՐ դաս 16 ¶9-13 եւ 16Ա տուփը։

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 34 եւ աղօթք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել