Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ24 Նոյեմբեր էջ 2-16
  • Նոյեմբեր 4-10

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Նոյեմբեր 4-10
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2024)
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2024)
ժտ24 Նոյեմբեր էջ 2-16

ՆՈՅԵՄԲԵՐ 4-10

ՍԱՂՄՈՍ 105

Երգ 152 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

Աւետեաց երկիրը։ 1. Աբրահամ։ 2. Իսահակ։ 3. Յակոբ։

1. «Անիկա իր ուխտը յաւիտեան կը յիշէ»

(10 վրկ.)

Եհովան Աբրահամին խոստում մը տուաւ, եւ այդ խոստումը կրկնեց Իսահակին եւ Յակոբին (Ծն. 15։18. 26։3. 28։13. Սաղ. 105։8-11)

Խոստումին կատարումը հաւանական չէր երեւեր (Սաղ. 105։12, 13. դ23.04 28 ¶11-12)

Եհովան Աբրահամին տուած իր խոստումը բնաւ չմոռցաւ (Սաղ. 105։42-44. խա-2-ԱՐ «Խօսքը»)


ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘Ինչպէ՞ս կ’օգտուիմ, գիտնալով որ կրնամ Եհովային լիովին վստահիլ’։

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Սաղ. 105։17-19. «Տէրոջը խօսքը» ինչպէ՞ս Յովսէփին օգնեց, որ լաւ յատկութիւններ զարգացնէ (դ87-ԱՐ 6/15 13 ¶15)։

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

(4 վրկ.) Սաղ. 105։24-45 (կս դաս 5)

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(1 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Տանտէրը զբաղած է (մսա դաս 2 կէտ 5)։

5. Խօսակցութիւն սկսիլ

(2 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Խօսակցութեան դրական կերպով վերջ դիր, երբ անձը սկսի առարկել (մսա դաս 4 կէտ 5)։

6. Վերայցելել

(4 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Առաջարկէ պարբերաթերթ մը, որուն նիւթով տանտէրը հետաքրքրուած էր (մսա դաս 8 կէտ 3)։

7. Վերայցելել

(4 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Անձին պատմէ JW Library® էփ–ին մասին եւ իրեն օգնէ որ ատիկա բեռնէ (մսա դաս 9 կէտ 5)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 150

8. Ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ որ Եհովային Որդին կը սիրես

(15 վրկ.) Քննարկութիւն։

Երբ մեր ժամանակը, ուժը եւ դրամը կը տրամադրենք Թագաւորութեան գործունէութիւններուն թիկունք կանգնելու համար, Եհովային թագադրած Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսին հանդէպ մեր սէրը ցոյց տուած կ’ըլլանք։ Եւ ասիկա Եհովան կ’ուրախացնէ եւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կ’օգտէ (Յովհ. 14։23)։ jw.org կայքին «Ձեր նուիրատուութիւնները ինչպէ՛ս կը գործածուին» յօդուածաշարքը ցոյց կու տայ, որ ամբողջ աշխարհի մէջ մեր եղբայրներն ու քոյրերը շատ կ’օգտուին մեր նուիրատուութիւններէն։

Անձ մը նուիրատուութեան տուփին մէջ դրամ կը դնէ։ 1. Եղբայր մը դատարանի առջեւ կեցած է։ 2. Քոյր մը աստուածպետական շինարարութեան ծրագրի մը մէջ կ’աշխատի։ 3. Քոյր մը նշանային լեզուով վիտէօ մը կը դիտէ։

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Ձեր նուիրատուութիւնները մեծ ազդեցութիւն ունին։ Ետքը, հարցուր.

  • Մեր եղբայրները ինչպէ՞ս օգտուեցան դրամական նուիրատուութիւններէն, որոնք գործածուեցան մեր կրօնական ազատութիւնը պաշտպանելու համար։

  • Դրամական նուիրատուութիւններու «հաւասարութիւն»ը ինչպէ՞ս օգնած է Թագաւորութեան սրահներ շինելու (Բ. Կոր. 8։14)։

  • Ի՞նչ օգուտներ եղած են, երբ նուիրատուութիւնները գործածուած են Աստուածաշունչը շատ մը լեզուներով թարգմանելու համար։

Առցանց աւելի՛ն սորվէ

«Նուիրատուութիւններ» տալու նկար, որ ցոյց կու տայ ձեռք մը՝ որ մետաղադրամ բռնած է

Ինչպէ՞ս կրնաս նուիրատուութիւններ ընել Եհովայի վկաներու գործունէութեան թիկունք կանգնելու համար։ Բա՛ց «Նուիրատուութիւններ» բաժինը, որ կը գտնուի JW Library էփ–ին գլխաւոր էջին ամէնէն վարը։ Շատ մը երկիրներու պարագային, պիտի գտնես Եհովայի վկաներուն տրուած նուիրատուութիւնները. Յաճախ ուղղուած հարցումներ յօդուածը։

9. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

(30 վրկ.) եպվ-ԱՐ դաս 16 ¶14-20 եւ 16Բ տուփը։

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 151 եւ աղօթք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել